Friday May 24, 2013

Լիբանանեան Արագ Լրահոս

By adminx - Fri May 24, 8:00 am

ԺԱՄԸ 19:00

- Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այս պահուս հանդիպում մը կ’ունենայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ։

ԺԱՄԸ 11:10

- Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր առաւօտեան այցելեց Եարզէ, ուր ան ամբողջական հովանաւորութիւն
յայտնեց լիբանանեան բանակին, որպէսզի ան իր բոլոր պարտականութիւնները կատարէ։

- Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամներ առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը։

ԺԱՄԸ 10:40

- Թրիփոլիի մէջ ապահովական կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ։ Զինեալ բախումները կը շարունակուին, իսկ
լիբանանեան բանակին շարքերուն մէջ արձանագրուած վիրաւորներուն թիւը հասած է 39-ի։

- Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն առաջադրեց իր թեկնածութիւնը։

- Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ նախարարութիւնը կարողութիւն ունի երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու։

- Մարոնի համայնքի պատրաիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը շեշտեց, որ Պքերքէ ոչ մէկ
պատճառ կը գտնէ խորհրդարանին ներկայ նստաշրջանը երկու տարիով յետաձգելու։

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement