ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՋՆՋՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ ՄԸ ԿԱԶՄԵԼ
By adminx - Fri Apr 01, 6:09 am
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ հրամայեց իրաւաբանական յանձնախումբ մը կազմել` ուսումնասիրելու համար 1963-էն ի վեր հաստատուած արտակարգ դրութեան օրէնքի ջնջման կարելիութիւնը:
Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յանձնախումբին աշխատանքները պիտի աւարտին 25 ապրիլին:
Սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ իշխող Պաաս կուսակցութեան շրջանային ղեկավարութիւնը իրաւաբաններէ կազմուած յանձնախումբ մը կազմած է` քննարկելու համար օրէնսդրութիւն մը, որ «կ՛երաշխաւորէ երկրին ապահովութիւնն ու սուրիացիներու արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը»:
«Ասիկա ճամբայ պիտի հարթէ արտակարգ դրութեան օրէնքներու վերացման դիմաց», նշեց պատկերասփիւռի կայանը` աւելցնելով, որ յանձնախումբը իր ուսումնասիրութիւնը պիտի աւարտէ 25 ապրիլին:
Նշենք, որ նախագահ Ասատ նաեւ հրամայեց Լաթաքիոյ եւ Տարաայի դէպքերուն ընթացքին արձանագրուած զոհերու հարցը հետաքննելու յանձնախումբ մը կազմել:
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print




