Thursday May 23, 2013

ՄԻՔԱԹԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՇԱՐՔ ՄԸ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ

By adminx - Wed Feb 22, 7:49 am

Նախարար Թըրրօ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Քաղաքացիական չափաւորական հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապի:

Հանդիպումէն ետք Ահտապ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն հիւսիսային Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ հանդիպելու եւ տարակարծութիւնները շրջանցելու:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատը, նախկին երեսփոխան Ժիհատ Սամատը եւ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտը:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement