ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՄԸ ՉԻ ԲԱՑԱՌԵՐ
By adminx - Tue Feb 21, 7:40 am
Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Միխայիլ Լաւոն Լոթեմ ազրպէյճանական «Էյ. Էն. Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին չէ բացառած Իրանի դէմ զինուորական յարձակումի մը կարելիութիւնը:
«Զինուորական բնոյթ կրող Իրանի հիւլէական ծրագիրը նորութիւն չէ: Ես լաւ կը յիշեմ` տասնամեակներէ ի վեր կը քննարկուին այդ ծրագիրին հետ կապուած հարցերը: Իրանի հետ բանակցութիւններուն վստահող, կամ անոնց աջակցող եւրոպական երկիրները եւս կ՛ընդունին պատերազմի հաւանականութիւնը: Աւելի՛ն. մեծ կասկածանքով կը վերաբերին Իրանի հետ խաղաղ բանակցութիւններուն», ըսած է դեսպանը` անդրադառնալով վերջերս մամուլին մէջ շրջանառուող այն լուրերուն, թէ Իսրայէլ կը պատրաստուի Իրանի դէմ յարձակում գործելու:
Դեսպանը ընդգծած է, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրը վերջին շրջանին միջազգային խնդիրի վերածուած է: «Ատիկա միայն Միջերկրական ծովու, Կովկասի, կամ Միջին Արեւելքի խնդիրը չէ: Անիկա իսկական միջազգային խնդիր է: Իրան հիւլէական ներուժ ունեցող երկիր է, ի վիճակի է արբանեակներ արձակել: Իրանէն բխող վտանգը այսօր կը հասնի Եւրոպային, իսկ վաղը աւելի հեռու` Եւրոպայի սահմաններէն դուրս», ըսած է Լոթեմ:
Ան աւելցուցած է, որ «ես կ՛ուզեմ լաւատես ըլլալ, եւ բոլորը պէտք է լաւատես ըլլան եւ քննարկեն Իրանի դէմ պատժամիջոցները: Մենք պիտի տեսնենք պատժամիջոցներու հետեւանքները: Այստեղ այլ դիպաշարեր պատրաստելու պէտք չկայ, անոնք աչքի առջեւ են, եւ բոլորը որոշ պահու պիտի կարենան ատկէ օգտուիլ: Յոյսով եմ, որ պատժամիջոցները ազդեն Իրանի վարչակարգին վրայ, պիտի ստիպեն բանակցութիւններու սեղան վերադառնալ եւ հրաժարիլ հիւլէական ծրագիրէն»:






