ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
By adminx - Tue Feb 21, 7:21 am
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան վարչութեան, հինգշաբթի, 16 փետրուար 2012-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ 2010-2011 տարեշրջանի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» սերունդի ընդունելութիւնը` կնքահայրութեամբ Տիգրան Ճինպաշեանի:
Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Փաթիլ Եսայեան, որ նշեց, թէ այս տարի 62 նոր անդամներ կը միանան շրջանաւարտներու միութեան:
Ապա, խօսք առաւ օրուան կնքահայր Տիգրան Ճինպաշեան: Ան վեր առնելով Արսլանեան եղբայրներուն արժանիքները, ներկայացուց զանոնք, եւ ըսաւ, թէ անոնց նուիրական նուիրատուութիւնը, յատկապէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ապացոյց մըն էր Ճեմարանի նկատմամբ իրենց վստահութեան եւ անոր ազգային առաքելութեան: Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն բարի գալուստ մաղթեց միութեան շարքերուն մէջ եւ ըսաւ, թէ այսուհետեւ անոնք պարտաւոր են արժեւորել ճեմարանական ըլլալու կոչումը եւ իրենց ներդրումը ունենալ ազգային կեանքին մէջ:
Ընդունելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը:
Ընդունելութեան յաջորդեց Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան 72-րդ ընդհանուր ժողովը: ժողովականները քննարկեցին միութեան վարչութեան գործունէութիւնը, առաջադրանքներ կատարեցին ու ընտրեցին վարչութեան նոր կազմը:
Ատենապետ` Վաչէ Ծատուրեան
Փոխատենապետ` Փաթիլ Եսայեան
Քարտուղար` Սարին Եղիազարեան
Գանձապահ` Կարօ Լուսարարեան
Խորհրդականներ` Սեպուհ Տօնիկեան
Նուպար Փեշտիմալճեան
Մհեր Գաւլաքեան
Նժդեհ Մկրտիչեան
Հրակ Գարագաշեան
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ-ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ





