ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐ. ՄԱՆՈՒԷԼ ՂԱՐԻՊԸ
By adminx - Mon Feb 20, 7:27 am
Հինգշաբթի, 16 փետրուար 2012-ի գիշերը, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Քուէյթի աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ եւ Արաբական ծոցի Սուրբ գրոց ընկերակցութեան նախագահ վեր. Մանուէլ Ղարիպը:
Հիւր հոգեւորականը վեհափառին պարզեց ընդհանրապէս Ծոցի շրջանին եւ յատկապէս Քուէյթի մէջ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն պարզած ընդհանուր պատկերը: Ան գնահատանքով խօսեցաւ հայ համայնքի դերակատարութեան մասին: Վեհափառը իր կարգին մեծապէս գնահատեց վեր. Ղարիպի հոգեւոր ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ իր սերտ գործակցութիւնը կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազանին ու Ազգային առաջնորդարանին հետ:
Վեր. Ղարիպ բնիկ քուէյթցի է եւ միշտ օգտակար եղած է մասնաւորաբար Քուէյթի Ազգային վարժարանին ու առաջնորդարանին` պետական ու իրաւական հարցերուն գծով:






