ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱ՞Ն ՊԻՏԻ ՀԻՄՆԷ
By adminx - Sat Feb 18, 7:41 am
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Կիպրոս իր այցելութեան ընթացքին Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ ստորագրած է համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ իսրայէլեան բանակի ցամաքային ուժերը եւ ծովուժը կարելիութիւն կը ստանան Կիպրոսի տարածքը օգտագործելու:
Համաձայնագիրի նպատակը Կիպրոսի յունական հատուածին մէջ բնական կազի երկրորդ հանքավայրի հետազօտումն է: Սակայն Իսրայէլի վարչապետը չէ բացառած, որ Հարաւային Կիպրոսի մէջ կրնայ նաեւ ռազմակայան ստեղծուիլ:
Այցելութեան ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան եւ ծովային ուսումնասիրութիւններու առնչուած հարցեր: «Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ զինուորական բնոյթի համագործակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ ընդունուած է իբրեւ հակաթրքական քաղաքականութիւն:






