«ԱՌԱՆՑ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՉԿԱՅ ԱՒԱՐԱՅՐ, ԱՌԱՆՑ ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՉԿԱՅ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
By adminx - Sat Feb 18, 7:36 am
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս լիբանանահայութիւնը հանդիսաւոր կերպով նշեց Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնը: Հինգշաբթի, 16 փետրուարին, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան ներկայութեան Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ Վարդանանց հերոսամարտը հայ ժողովուրդի բացառիկ պատմութիւններու հանգրուաններէն մէկն է, որուն մասնակից կ՛ըլլայ ամբողջ հայ ժողովուրդը` աւելցնելով, որ Վարդանանց հերոսամարտը զէնքի ու զրահի, սուրի եւ վահանի կռիւ չէր, ո՛չ ալ զօրքերու բազմութեան զօրութեան, ուժգնութեան, այլ` գաղափարի եւ սկզբունքի ճակատամարտ մըն էր, որ առաջնորդեց մինչեւ ամէնէն բուռն բախումներ: «Վարդանանց սկզբունքը այս է` ապրիլ արժէքի համար, արժանապատուութեան համար, ազատ կեանքի համար, ապրիլ անձնական ազատ նկարագիրով իբրեւ հայ», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ մեր արժէքներուն աղբիւրը պատմութիւնն է, եւ պէտք է միշտ յիշենք եւ պէտք չէ ուրանանք մեր պատմութիւնը:
Գեղամ արք. Խաչերեան շեշտեց, որ Վարդանանց քաջութեան եւ երեւոյթին ետին պէտք չէ մոռնալ դաստիարակութիւնը` նկատել տալով միաժամանակ, որ մեր հայկական արժանապատուութիւնը պէտք է ամէնէն սուղը ըլլայ, որուն համար կ՛արժէ զոհել ամէն բան: Ան նկատել տուաւ, որ մեր հայերը անմահութեան ճամբան կերտեցին, եւ հիմա մեր կարգն է, որ պահենք անմահութեան այդ սկզբունքը, որպէսզի մեր պատմութիւնը իր իմաստը չկորսնցնէ: Սրբազանը յորդորեց ներկաները իրենց կեանքը շարունակելու Վարդանանց ոգիով զօրացած եւ մաղթեց, որ ոչ մէկ բան տկարացնէ զիրենք հոն, ուր մեր հայկականութիւնը եւ հաւատքը վտանգուած են` յոյս յայտնելով միաժամանակ, որ Աստուած անսասան պահէ ներկայ հաւատացեալներուն հաւատքը:
Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Առանց հայեցի դաստիարակութեան չկայ Աւարայր, իսկ առանց Աւարայրի չկայ հայ ժողովուրդ: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդի հիմքը հանդիսացող հայեցի դաստիարակութեան համար Աւարայրի ոգիով չխնայենք ոչ մէկ ճիգ եւ պատրաստ ըլլանք ամէն տեսակի զոհողութեան»:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յովիկ Պիլեմճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ամփոփ կէտերու մէջ ծանօթացուց եկեղեցւոյ բարեզարդման գծով թաղականութեան տարած աշխատանքը, երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարած են եկեղեցւոյ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Սիրոյ սեղանի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան նկատել տուաւ, որ սիրոյ սեղանը յատուկ պատգամ մը կը փոխանցէ եւ ցոյց կու տայ ծառայութիւն, նուիրում, զոհողութիւն ներկաներուն կողմէ, որոնք իրենց կարգին ցուցաբերած են զանոնք եկեղեցւոյ նկատմամբ:
Աւարտին առաջնորդ սրբազանը իբրեւ գնահատանք Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ 50 տարիներէ աւելի ծառայող Պօղոս սրկ. Էքմեքճեանին, անոր յանձնեց գնահատագիր մը եւ յայտնեց, որ եկեղեցւոյ ծառայողներուն նպատակը, միշտ հոգեւոր ծառայութիւնն է, եւ անոր համար ալ անոնք չեն շեղիր իրենց աշխատանքէն:





