Saturday May 25, 2013

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐԱՑ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

By adminx - Sat Feb 18, 7:29 am

Յովհաննէս աբղյ. Սաղտըճեան

Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան հինգշաբթի, 16 փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, եղբայրակցութեան կեդրոնի աղօթասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց հերոսամարտի տօնակատարութիւն: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ եղբայրակցութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Այնուհետեւ տօնակատարութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սեպուհ Գարավարդանեան: Ան նշեց, որ «մենք եկած ենք յիշատակելու դարեր առաջ տեղի ունեցած դէպք մը` Վարդանանց ճակատամարտը, որ հաւատուրացութեան դէմ ծառացում մըն էր»: Ան անդրադառնալով ներկայիս հայ երիտասարդութեան պարզած վիճակին հարց տուաւ, թէ արդեօք մենք պիտի կարենա՞նք Վարդանանց նման «ո՛չ» ըսել հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին եղբայրակցութեան պատանեաց երգչախումբը ներկայացուց Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած ազգայնաշունչ երգերու փունջ մը: Յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ ասմունք եւ նուագ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Յովհաննէս աբղյ. Սաղտըճեան: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց 5-րդ դարուն հայ ժողովուրդի պարզած վիճակին` նշելով, որ պարսից Յազկերտ թագաւորին հայոց նկատմամբ բանեցուցած ճնշումները երկու տեսակի էին` կրօնական-մշակութային եւ քաղաքական: 449-ին Յազկերտ հաւատափոխութեան հրովարտակը ղրկեց Հայաստան, այս պատճառով ալ տեղի ունեցաւ Աւարայրի ճակատամարտը:

Հայր սուրբը նշեց, որ Աւարայրի ճակատամարտին ընթացքին մէկ կողմէ կայ Վասակ Սիւնին, իսկ միւս կողմէ` Վարդան Մամիկոնեանն ու Ղեւոնդ Երէցը: Այսօր ալ հայ իրականութեան մէջ կան Վասակներ եւ Վարդաններ: Այսօր կան շատեր, որոնք իրենց հաւատքը կ՛արտայայտեն խօսքով եւ ոչ թէ գործով, մինչդեռ երկուքն ալ կարեւոր են: «Մեզմէ ամէն մէկը պէտք է քաջ գիտնայ, որ թէ՛ ազգի եւ թէ՛ եկեղեցւոյ զինուոր է: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է գիտնայ, թէ ազգային պարտականութիւնը եւ եկեղեցական պարտականութիւնը իր պարտականութիւններն են», ընդգծեց Յովհաննէս աբղյ. Սաղտըճեան:

Փակման խօսքը արտասանեց Կարօ Աղազարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին սոյն ձեռնարկին յաջողութեան: Ան կոչ ուղղեց վերանորոգելու ուխտը` հաւատարիմ մնալու Վարդաններու յիշատակին:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ պատգամաբեր հայր սուրբին պահպանիչով:

 

 

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement