«ՊԻՏԻ ՉՍՏՈՐԱԳՐԵՄ, ՊԻՏԻ ՉՃԱՄԲՈՐԴԵՄ ԵՒ ՊԻՏԻ ՉՀՐԱԺԱՐԻՄ» ՇԵՇՏԵՑ ՇԱՐՊԵԼ ՆԱՀՀԱՍ
By adminx - Thu Feb 16, 2:05 am
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը պատրաստած է օրինագիծ մը, որ պիտի ներկայացուի խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական նիստին:
Աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ այդ օրինագիծը պիտի երաշխաւորէ, որ 17 տարի ժողովուրդը ծաղրանքի առարկայի վերածելէ ետք կարելի ըլլայ այդ արարքին առաջքը առնել եւ կասեցնել աշխատաւորներուն կեղեքումը: «Ես երբեք մեղսակից չեմ կրնար ըլլալ ժողովուրդը գողնալու արարքին», յայտնեց ան:
Նախարար Նահհաս ընդգծեց, որ ինք չէ ստորագրած կառավարութեան վաւերացուցած փոխադրածախսի որոշումը, որ ապօրինի է եւ անարդար:
Իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին` Նահհաս շեշտեց, որ անհրաժեշտ է սահմանադրական լուծումներու եւ ելքերու դիմել` աւելցնելով, որ ինք ո՛չ պիտի ստորագրէ, ո՛չ պիտի ճամբորդէ եւ ո՛չ ալ պիտի հրաժարի:






