Wednesday Jun 19, 2013

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ. Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐՁԻ ԲՈԼՈՐ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿՐԿՆՈՒԻՆ

By adminx - Thu Feb 16, 1:38 am

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն գծով իր կատարած հետազօտութիւններուն լոյսին տակ որոշեց դարձի բոլոր մրցումները դարձեալ կրկնել` այսպիսով տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները չեղեալ նկատելով:

Բնականաբար, այս որոշումին լոյսին տակ բոլոր մարզիկներուն ստացած դեղին եւ կարմիր քարտերը չեղեալ կը նկատուին:

Ֆետերասիոնը աւելցուց նաեւ, որ դարձի այս մրցումներուն կրկնուելուն առիթով դաշտերուն եւ իրաւարարներուն ծախսերը ֆետերասիոնը ինք պիտի վճարէ:

Վերջին ազդարարութիւն տրուեցաւ բոլոր ակումբներուն, որպէսզի որեւէ մրցումի արդիւնքներուն գծով զեղծարարութիւններ չկատարուին:

Ինչ կը վերաբերի Մաուատտէ Թրիփոլի – Սալամ Զղարթա մրցումին (որուն պատճառով մրցումները կը կրկնուին), օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Հուսամ Տաքտուքի, մէկ տարիով կը կախակայուի` իր գործած աններելի սխալին համար: Չորրորդ իրաւարարը` Մոհամետ Ապտա, վեց ամիսով կը կախակայուի, մինչ նախկին իրաւարար Ազզամ Իսմայիլ ցմահ կը կախակայուի իրաւարարներուն վրայ հսկողի դեր ստանձնելէ եւ ֆետերասիոնին հետ որեւէ առնչութիւն ունենալէ:

Սաֆա ակումբը մէկուկէս միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի կ՛ենթարկուի` իր համակիրներուն եւ մարզիկներուն անկարգապահութեան համար: Բացի ատկէ, անիկա դարձի իր մնացեալ բոլոր մրցումները պիտի կատարէ օտար դաշտերու վրայ:

Կազմուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը, որ պիտի մեկնի Քաթար` 20-27 փետրուարին բանակում մը կատարելու եւ պատրաստուելու համար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ 29 փետրուարին տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի վերջին մրցումին (Գ. հանգրուան):

Գ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած փլէյ-օֆի մրցումներուն աւարտին, Նասեր Պար Էլիաս հանդիսանալով ախոյեան կը բարձրանայ Բ. դասակարգ:

Ճշդելու համար երկրորդ խումբին անունը` փլէյ-օֆի մրցում մը տեղի պիտի ունենայ Ուաֆա Նապի Շիթի եւ Ռիատա Ուալ Ատապի միջեւ կիրակի, 17 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 2:15-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ:

Դարձեալ փլէյ-օֆի մրցումներուն գծով, Նասեր Քամետ Լոզ, Իթթիհատ Հարեթ Նաամէ եւ Մահապպէ Թրիփոլի, գրաւելով վերջին երեք դիրքերը, Գ. դասակարգէն կը փոխադրուին Դ. դասակարգ:

Ստորեւ կու տանք Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

 

ՇԱԲԱԹ, 18 ՓԵՏՐՈՒԱՐԺԱՄԴԱՇՏ
Շապապ Ղազիէ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի2:15Սուր
 

ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ

Իժթիմահի – Մաուատտէ Թրիփոլի2:15Թրիփոլի
Սալամ Զղարթա – Շապապ Թրիփոլի2:15Զղարթա
Սաժես – Հարաքեթ Շապապ2:15Նըժմէ
Խիյուլ – Իրշատ2:15Սաֆա
ՀՄՄ – Ահլի Նապաթիէ2:15Անսար

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement