ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՈՆԵԱՆ ԵՒ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԻՄՆԵՑԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ԿՐԱՆՏՄԱՍԹԸՐ ԴՊՐՈՑ
By adminx - Thu Feb 16, 1:23 am
Հայկական arm.chess.am ճատրակի կայքէջէն կ՛իմանանք, որ հովանաւորութեամբ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին, հայրենի երկու կրանտմասթըրներ Լեւոն Արոնեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան Երեւանի մէջ հիմնած են ճատրակի կրանտմասթըրի դպրոց մը, որուն նպատակն է նպաստել Հայաստանի մէջ գտնուող 10-18 տարեկան երեխաներուն եւ պատանիներուն` ճատրակի զարգացման եւ յառաջդիմութեան մէջ անոնց օժանդակելով:
Արոնեան եւ Սարգսեան կը ծրագրեն ապագայ խոստացող պատանիներուն հետ ճատրակի դասընթացքներ կայացնել: Կը նախատեսուի սկզբնական շրջանին տարեկան երկու-երեք դասաշրջաններ կատարել, իւրաքանչիւրը` երկու շաբթուան տեւողութեամբ:
Ճատրակի ապագայ աստղեր ունենալու նպատակով Արոնեանի եւ Սարգսեանի յաջողութիւնը կը նկատուի Հայաստանի եւ համայն հայութեան յաջողութիւնը:





