ԿՈՉ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
By adminx - Thu Feb 16, 3:00 am
Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2012-ին համօրէն հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս կոչուած է համախմբուելու Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց հերոսամարտի խորհուրդին շուրջ, որմէ արփիափայլ կը ճառագայթէ ոգին հայկական:
Վարդանանց Հերսոսամարտը հայու ոգիին ճաճանչագեղ փայլատակումն է, որ թէեւ պատահեցաւ ժամանակի մէկ հանգրունին, բայց իր էութեամբը մնաց ժամանակներէն վեր ու դարձաւ բոլոր ժամանակներու հայու ճակատագրական եւ օրհասի ժամերուն ազատարար առաջնորդող խոյանք:
Վարդանանց Հերոսամարտը ամէն հայու արժանապատուութեամբ ապրելու իրաւունքն է, որ անյալայլ կը մերժէ ամէն ձեւ եւ ուժ, որ այդ իրաւունքը օտարին կամքին ու քմայքին խաղալիք կը դարձնէ:
Վարդանանց Հերոսամարտի ոգին սերունդներուն կենարար աւիշն է:
Այս հաւատքով եւ գիտակցութեամբ, կոչ կ՛ուղղենք Լիբանանի հայութեան, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2012-ին, փակելու վաճառատուները, գործատեղիներն ու գրասենեակները եւ խուռներամ բազմութեամբ որպէս միահամուռ հաւաքականութիւն արժանաւորապէս պանծացնենք Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ տեղի ունեցող եկեղեցական արարողութիւններն ու հանդիսութիւնները:
ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ





