ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՒԺԵՐ ՏԵՂԱԿԱՅԵԼՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ԱՌԱՐԿԱՅ ԴԱՌՆԱԼ
By adminx - Wed Feb 15, 7:58 am
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ազրպէյճանական պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց իշխանութենէն հեռանալու` նշելով, որ Ասատ սխալ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ:
Ան շեշտեց, որ Ասատ պէտք չէ իր իշխանութեան վրայ մնալու Ռուսիոյ կամ Իրանի փափաքին մասին մտածէ: Էրտողան յայտնեց, որ «Ասատ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ: Այլ ուղի չկայ: Այս վարչակազմին իշխանութեան վրայ մնալը արդէն բացառուած է»:
Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ, որ Ասատ պարկեշտութեամբ չի վարուիր` վստահեցնելով, որ այն վարչակարգերը, որոնք իրենց ժողովուրդներուն կը հակասեն չեն կրնար իշխանութեան վրայ մնալ: Էրտողան Ռուսիան ու Իրանը քննադատեց` Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բռնարարքներուն նկատմամբ դիտողի կեցուածքին մէջ մնալնուն համար:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Թուրքիա յոյսով է, որ Սուրիոյ դէպքերը միջազգային հանրութենէն արտակարգ իրավիճակի մէջ գործելու ծրագիր չեն պահանջեր»:
«Ինչ կը վերաբերի արտակարգ իրավիճակի մէջ գործողութիւններու ծրագիրին, ապա մենք յոյսով ենք, որ անիկա մեզի պէտք պիտի չըլլայ: Սակայն եթէ օր մը որոշ բան պատահի, ապա մենք պէտք է դրացիի պէս վարուինք` օգնենք խաղաղ բնակիչներուն: Թուրքիոյ միլիոնաւոր բնակիչները Սուրիոյ մէջ բարեկամներ ունին», ըսաւ Տաւութօղլու:
Քլինթըն ոչինչ աւելցուց իր թուրք պաշտօնակիցին ըսածին` նշելով միայն, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ամէն ինչ լաւ ձեւակերպեց:
Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին դատապարտած են Սուրիոյ «վարչակարգին իր ժողովուրդին դէմ գործած բռնութիւնը եւ համաձայնութիւն գոյացուցած են Պաշշար Ասատի վարչակարգին վրայ ճնշումը բարձրացնելու համար յաւելեալ համակարգումի եւ դէպի ժողովրդավարութիւն անցումին զօրավիգ կանգնելու կարեւորութեան վրայ»:
Մինչ այդ, Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին արաբական եւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժեր Սուրիա ուղարկելու գաղափարին: «ՄԱԿ-ի եւ (Արաբական) լիկայի հետ միասին մեր միջազգային գործընկերներուն հետ կը քննարկենք այն պայմանները, որոնց միջոցով խաղաղապահ ուժերը կրնան օգնել Սուրիոյ մէջ կայունութիւն հաստատելու, այն բանէն ետք, երբ այնտեղ խաղաղ հոլովոյթներ կը սկսին», ըսաւ Քառնի:
Նշենք, որ Արաբական լիկան կիրակի օր կոչ ուղղած էր Սուրիա արաբական եւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ, խօսելով «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովին մասին, յայտնեց, որ «այս խումբը, ինչպէս մենք կը հասկնանք, կոչուած է Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթի միջոցով իշխանափոխութեան հասնելու: Իսկ ասիկա այն է, ինչ որ ռուսերը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կը հերքեն»: Ըստ անոր, Ռուսիա պիտի չընդգրկուի «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խմբակին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիա խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու առաջարկին, Նուլընտ ըսաւ, որ իր երկիրը «անկասկած կ՛աջակցի Արաբական լիկայի ղեկավար դերին»: «Մեր ջանքերը այժմ ուղղուած են ամրապնդելու սուրիական ընդդիմութիւնը, որ խաղաղ միջոցներով կը ձգտի իշխանափոխութեան հասնիլ: Մենք նաեւ մտադիր ենք Սուրիոյ բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւնը աւելցնել», ըսաւ ան` յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիական ազատ բանակին հետ ոչ մէկ պաշտօնական կապ ունին:
Չինաստանի վարչապետ Ուան Ճիա Փաու յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմն ու քաոսը արգիլելու անմիջական կարիք կայ: Չինաստանի վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը չի ջանար սուրիական տագնապին մէջ որեւէ կողմ, ներառեալ` սուրիական կառավարութիւնը պաշտպանելու:
Արաբական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ 24 փետրուարին Թունուզի մէջ նախատեսուած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովին նպատակը Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արձանագրուած ձախողութենէն ետք Սուրիոյ հարցով արաբական նախաձեռնութեան միջազգային զօրակցութիւն ապահովելն է:
Աղբիւրները կը նշեն, որ արաբական եւ միջազգային մեծաթիւ մասնակցութեամբ նախատեսուած խորհրդաժողովին նախագահութիւնը ֆրանսական, թրքական եւ թունուզեան պիտի ըլլայ, եւ «ռուսական կեցուածքին փոփոխութիւնը կը նախատեսենք»:
Թունուզեան աղբիւրներ կը նշեն, որ խորհրդաժողովի նպատակներուն շարքին են սուրիական ընդդիմութեան նկատմամբ որոշումի մը որդեգրումը, ինչպէս` Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը ճանչնալը, «որովհետեւ այս հարցով մեծ ուղղուածութիւն գոյութիւն ունի»: Արաբական այլ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնած են, որ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը թուրքերուն եւ ֆրանսացիներուն միջեւ մրցակցութեան մը արդիւնքն է: Աղբիւրները կը նշեն, որ գաղափարը կը պատկանի Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին, եւ յետ քննարկումներու գտնուած է միջին լուծում մը, ըստ որուն, Թունուզ կը հիւրընկալէ խորհրդաժողովը, իսկ անոր նախագահութիւնը կ՛ըլլայ ֆրանսական-թրքական-թունուզեան` մասնակցութեամբ արաբական, իսլամական եւ եւրոպական երկիրներուն:
Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ` քննարկելու համար սուրիացի «ըմբոստներուն» աջակցելու միջոցները եւ Սուրիական ազատ բանակին զինուորական խորհուրդ տրամադրելու հարցը:
Օրաթերթը նշեց, որ 20 փետրուարին նախատեսուած Լանկլուի տարեկան վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումը հաւանական է, որ քննարկէ Սուրիական ազատ բանակին տրուելիք գործնական օժանդակութիւններու կարելիութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ արաբական ու ՄԱԿ-ի ուժերու տարածման գաղափարի իրագործման լաւագոյն միջոցները:





