Saturday May 25, 2013

«ՌՈՒՍԻԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՒ ՄԱԿ-Ի ՄԻԱՑԵԱԼ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՒԺԵՐ ՍՈՒՐԻԱ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ» ԸՍԱՒ ԼԱՒՐՈՎ

By adminx - Tue Feb 14, 7:54 am

Ալ Նահիան եւ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ համապարփակ եւ ընդլայնուած երկխօսութեան զօրակցելու, ինչպէս նաեւ ամբողջ սուրիացի ժողովուրդը գոհացնող խաղաղ լուծումներ գտնելու ջանքերուն զօրավիգ կանգնելու:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը պատասխանելով արաբական-ՄԱԿ-ի միացեալ ուժեր Սուրիա ուղարկելու Արաբական լիկայի որոշումին վերաբերեալ հարցումի մը յայտնեց, որ այդ որոշումը որդեգրուած է մեծ ջանքերէ եւ Սուրիոյ մէջ ցաւալի դէպքերու երկարատեւ ժամանակաշրջանէ ետք: Ան ըսաւ, որ սուրիական վարչակարգին հետ յարաբերիլը անօգուտ է, եւ այդ պատճառով ալ լիկան  սուրիական ընդդիմութեան հետ կապերը ամրապնդելու որոշում տուած է` առանց անոր զինուորական զօրակցութիւն տրամադրելու, այլ բաւարարուելով ելեւմտական եւ քաղաքական զօրակցութեան տրամադրումով, որպէսզի երկրին մէջ եւ անկէ դուրս միացեալ ընդդիմութիւն մը գոյանայ:

Լաւրով նշեց, որ ինք համաձայն է իր էմիրաթցի գործընկերոջ այն խօսքին հետ, թէ անհրաժեշտ է զօրակցիլ այն բոլոր քայլերուն, որոնք կը ձգտին ամէն տեսակի բռնարարքները եւ բախումները դադրեցնել, սակայն այդ հարցը կը վերաբերի նաեւ զինեալ խմբաւորումներուն, որոնք քաղաքայինները սպաննելու համար հրասանդային հրթիռներ կ՛օգտագործեն:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ իր երկիրը կը քննարկէ արաբական եւ ՄԱԿ-ի միացեալ խաղաղապահ ուժեր Սուրիա ուղարկելու Արաբական լիկայի որոշումը, սակայն ընդգծեց, որ ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ է հիւրընկալ երկրին հաւանութիւնը ստանալ, «իսկ խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան յաջողութեան երկրորդ պայմանը գոյութիւնն է խաղաղութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել զայն»: Ան ըսաւ, որ այդ առումով անհրաժեշտ է զինադադար հաստատել, «սակայն դժբախտաբար Սուրիոյ մէջ գործող զինեալ խմբաւորումները մէկ ղեկավարութիւն չունին»:

Ինչ կը վերաբերի 24 փետրուարին Թունուզի մէջ «Սուրիոյ բարեկամներու» խորհրդաժողովի հարցին, Լաւրով ըսաւ, որ Ռուսիա խորհրդաժողովին շուրջ լուսաբանական հարցումներ ունի: «Եթէ այդ խորհրդաժողովին բոլոր սուրիացիները պիտի մասնակցին, ապա անիկա լաւ գաղափար մըն է, սակայն եթէ անիկա միայն սուրիական ընդդիմութեան բարեկամներուն համար է, ապա ատիկա պիտի չյաջողի իրականացնել Արաբական լիկայի գլխաւոր գաղափարը, որ Սուրիոյ մէջ ազգային երկխօսութեան ձեռնարկումն է», ընդգծեց Լաւրով:

Լաւրով դարձեալ բռնարարքներու դադրեցման եւ Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան բացառման կարեւորութիւնը շեշտեց:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութիւնը արաբական եւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժեր Սուրիա ուղարկելու գաղափարին զօրակցութիւն յայտնեց: Այդ որոշումը ողջունեցին նաեւ Իտալիան եւ Բրիտանիան: Վերջինիս արտաքին գործոց նախարարը` Ուիլիըմ Հէյկ նշեց, որ այդ հարցը պէտք է անմիջական կերպով քննարկել: Սակայն Չինաստան մերժեց այդ գաղափարը` նշելով, որ Փեքին պիտի զօրակցի այն նախաձեռնութեանց, որոնք Սուրիոյ շուրջ իր կեցուածքներուն կը համընկնին:

Սուրիացի պատասխանատու մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ 12 փետրուարին Արաբական լիկայի կողմէ Սուրիոյ շուրջ որդեգրուած որոշումները, որովհետեւ անոնք Սուրիոյ ներքին հարցերուն անպատկառ միջամտութիւն են եւ ազգային գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուին:

Աղբիւրը նշեց, որ այդ որոշումը անգամ մը եւս ի յայտ բերած է տագնապի լուծման մէջ Արաբական լիկայի դերը վիժեցնելու արաբական կարգ մը երկիրներու դաւադիր ծրագիրը, որուն նպատակը սուրիական ներքին հարցին մէջ արտաքին միջամտութեան առջեւ ճամբան հարթել է: Ան այդ ջանքերուն իբրեւ փաստ նշեց արաբ դէտերու առաքելութեան ջնջումը, որովհետեւ արաբ դէտերուն զեկուցումները չէին համընկներ իրենց դաւադիր ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն զօրակցութիւնը վայելող «ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն ահաբեկչական արարքները» կը բացայայտէին:

Միւս կողմէ,մինչ Միջազգային կարմիր խաչը յայտարարեց, որ Սուրիական կարմիր մահիկը յաջողած է Հոմսի մէջ հազարաւոր քաղաքայիններու մարդասիրական օժանդակութիւններ ցրուել, Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի ազգային ապահովութեան յանձնախումբի նախագահ Ժոզեֆ Լիպըրման Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` «նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալելու սուրիացի ժողովուրդին պայքարին զօրակցելու եւ Սուրիոյ մէջ արիները զինելու»:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement