ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
By adminx - Tue Feb 14, 7:26 am
Երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն` հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, ծնողներ իրենց զաւակները Ս. Սեղանին ընծայեցին: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս հաւատացեալներուն պատգամ ուղղեց եւ անդրադարձաւ այն ճշմարտութեան, թէ բաւարար չէ աստուածաշնչական դէպքերը յիշել միայն, այլ զանոնք ամէն օր պէտք է ապրինք մեր կեանքին մէջ: Եւ իբրեւ գործնական արտայայտութիւն այս հաստատումին, վեհափառը կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն հայ ընտանիքի, հայ դպրոցի եւ հայ եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր արժէքներով սնուցանելու իրենց զաւակները:
Ապա դպրեվանեցիներու եւ միաբան հայրերու թափօրով հաւատացեալ ժողովուրդը առաջնորդուեցաւ մայրավանքին շրջափակը, ուր վեհափառը վառեց աւանդական խարոյկը:
Հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները եկեղեցիէն վառած մոմերը իբրեւ օրհնութիւն տարին իրենց տուները:





