Friday May 24, 2013

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ` ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

By adminx - Tue Feb 14, 7:21 am

Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ քահանայից եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առիթով երէկ` երկուշաբթի, 13 փետրուարի առաւօտեան, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Առաջնորդ սրբազանը հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ քրիստոնէութեան բերած հիմնական փոփոխութիւնը եւ նորութիւնը այն է, որ մարդ անհատը կարենայ յստակօրէն տեսնել կեանքի իրականութիւնը: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մարդ անհատը իր գործերով Աստուծոյ աչքին հաճելի պէտք է երեւի:

Անդրադառնալով Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին` սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս տօնը պատմականօրէն մեզ կը փոխադրէ այն ժամանակաշրջանը, երբ հայ ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքը եւ հայկական ինքնութիւնը շատ ծանր ու ճակատագրական փորձութեան դիմաց կը գտնուէին: «Հայ ժողովուրդը պարտադրուած էր ուրանալ զԱստուած, այսինքն` ուրանալ իր հաւատքը», ըսաւ սրբազանը եւ պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած դէպքերուն վրայ` հաստատելով, որ Ղեւոնդեան քահանաները այդ ժամանակաշրջանին եղան հայ ժողովուրդի խիղճին ձայնը եւ հաւատարմութեամբ կատարեցին իրենց պարտականութիւնը:

«Քահանայից դասին պարտականութիւնն է իր հովուական, քարոզչական` գործունէութեամբ եւ կոչումով միշտ հսկել հայոց հաւատքին», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement