Wednesday May 22, 2013

«ՕՐԷՆՔԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐ ԿԸ ԼՈՒԾԷ» Կ՛ԸՍԷ ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

By adminx - Mon Feb 13, 7:56 am

Լիլիթ Գալստեան

ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան կարեւոր նկատեց անցեալ հինգշաբթի օր խորհրդարանին մէջ երկրորդ ընթերցումով քննարկուած եւ ամբողջութեամբ ընդունուած «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքին ընդունումը:

Պատգամաւորին հեղինակած օրէնքին փոփոխութեան իբրեւ արդիւնք կիսաժամ պաշտօնավարող վարչական աշխատողներուն մինչեւ 14 ժամ դասաւանդելու իրաւունք եւ կարելիութիւն կը տրուի: Ըստ Լիլիթ Գալստեանի, օրէնքին մէջ այս փոփոխութիւնը նաեւ ընկերային խնդիր կը լուծէ, քանի որ անոնց աշխատավարձը կը հասնի 105 000 դրամի, որ Հայաստանի մէջ հանրակրթութեան մարզի միջին մանկավարժական աշխատավարձն է:

«Կը կարծեմ, որ այս փոփոխութեամբ մենք հաւասար իրաւունքներու դաշտին մէջ կը պահենք մանկավարժական մարզի այն աշխատողները, որոնք կը պաշտօնավարէին կիսաժամ դրութեամբ: Այսպիսի ծանրաբեռնուածութեամբ աշխատողներուն թիւը այնքան ալ քիչ չէ եւ մենք ոչ միայն արդարութեան, այլեւ անոնց համար լիարժէք ծանրաբեռնուածութիւն ապահովելու խնդիր կը լուծենք», ըսաւ պատգամաւորը:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement