ԱՐԺԱՆԹԻՆ ՖՈԼՔԼԱՆՏԵԱՆ ԿՂԶԻՆԵՐՈՒ ՌԱԶՄԱԿԱՆԱՑՈՒՄԷՆ ԴԺԳՈՀ Է
By adminx - Mon Feb 13, 7:39 am
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆեռնանտես տէ Քիրշնըր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմած է` դժգոհութիւն յայտնելով Բրիտանիոյ գործողութիւններէն: «Բրիտանիա կը փորձէ Հարաւային Ատլանտեանի շրջանը դարձեալ ռազմականացնել», ըսած է ան:
Արժանթինի նախագահը նշած է, որ բրիտանական օդանաւակիրի Ֆոլքլանտեան կղզիներու ջրային տարածքին մէջ բրիտանական օդանաւակիրի ներկայութիւնը միջազգային ապահովութեան սպառնալիք է: «Եթէ կայ որոշ բան մը, որ մենք կ՛ուզենք պաշտպանել, ատիկա շրջանային խաղաղութիւնն է», ըսած է Քիրշնըր:
Ան նաեւ քննադատած է Բրիտանիոյ Ուիլիըմ իշխանը, որ վերջերս կղզիներ եկած է` զինուորական ծառայութիւն կատարելու համար: «Մենք կը նախընտրէինք զինք քաղաքացիական հագուստով տեսնել եւ ոչ թէ զինուորական», ըսած է ան:
Ուիլիըմ իշխանը Ֆոլքլանտեան կղզիներուն մէջ վեց շաբաթ պիտի մնայ: Անոր պարտականութեան մաս կը կազմէ ովկիանոսին մէջ աղէտի ենթարկուած նաւերը փրկել, մարդիկը հիւանդանոց փոխադրել եւ այլն:
Պուենոս Այրես քննադատած է իշխանը կղզիներ ուղարկելու Լոնտոնի որոշումը: Ուիլիըմի Ֆոլքլանտեան կղզիներ այցելութիւնը սրած է Բրիտանիոյ եւ Արժանթինի յարաբերութիւնները, յատկապէս` զինուորական տագնապի 30-ամեակի նախաշեմին, որուն ընթացքին Բրիտանիա յաջողեցաւ վերատիրանալ կղզիներուն, որոնք 1982-ի ապրիլին Արժանթինի կողմէ գրաւուած էին:






