ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒ «ՁԻՒՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՍՊԻՏԱԿ» ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԽՈՐԱՍՈՒԶՈՒԵԼՈՎ` ԹԱԼԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԻՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
By adminx - Mon Feb 13, 7:28 am
Ներկայութեամբ հայ թէ օտար արուեստասէրներու, ուրբաթ, 10 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Այտա Շերֆան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ արուեստագէտ-գեղանկարիչ Թալին Քէշիշեանի անհատական երկրորդ ցուցահանդէսին:
Աքրիլիք պաստառներու վրայ իր ստեղծագործած կապտասպիտակ տեսարաններով երիտասարդ գեղանկարիչը թափանցած է Լիբանանի մայրիազարդ բնութեան անհուն սպիտակին մէջ: Առաւելաբար կապոյտ եւ սպիտակ գոյներու գերակայ ներդաշնակումով, Թալին Քէշիշեան փորձած է մարդ անհատի, լիբանանցի մարդուն անմեղութեան գիծերն ու նշոյլները յայտնաբերել: «Արժէքներու հետքեր»-ու պրպտումին ընդմէջէն Քէշիշեան յատուկ պատգամ մը կը փոխանցէ մարդկութեան, թէ մարդ, ինչ ալ ըլլան զինք պարուրող պայմանները, անպայման ունի անմեղութեամբ ու պարզութեամբ յատկանշուող էութիւն մը, խորք մը: Թալին Քէշիշեանի երփնագրած գեղանկարներուն մէջ ամէն բան պարզ ու պայծառ է, անմեղ ու շողշողուն, «ձիւնէն աւելի սպիտակ», ինչպէս որ ան բնութագրած է իր ցուցահանդէսին թեման: Քէշիշեանի ստեղծագործութիւնները կը սաւառնին մարդկային արժէքներու եւ բնութեան բարձունքներուն միջեւ` իր իսկ բառերով ընտրուած թեմաներու պիտակագրումով, ինչպէս`
«Կը հաւատամ, թէ կրնամ թռչիլ»,
«Մենք գտանք մայրին»,
«Արժէքներու հետքեր»,
«Պայծառօրէն ստուերացած մարդ»
եւ այլն…
Աշակերտելով լիբանանահայ արուեստագէտ Վազգէն Թիւթիւնճեանի` լիբանանեան ամարանոցներէն Պիքֆայայի մէջ ծնած Թալին Քէշիշեան գեղանկարչական արուեստին գծով իր սէրն ու մարմաջը յագեցնելու մղումով հետեւած է արուեստի ակադեմական դասընթացքներու` Փարիզի, Հռոմի եւ Վիեննայի մէջ: 2007-ին ան աւարտած է Վիեննայի գեղարուեստի ակադեմիան` մագիթստրոսական աստիճանի «գերազանց» յիշատակութեամբ:
Թալին Քէշիշեան անհատական ցուցահանդէսներ կազմակերպած է Լիբանանի մէջ, 2009-ին, «Այտա Շերֆան» ցուցասրահին մէջ, իսկ 2004-ին եւ 2007-ին` Աւստրիոյ մէջ: Ան նաեւ մասնակցած է հաւաքական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու Եւրոպայի, յատկապէս` Պրիւքսելի եւ Աւստրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ (գլխաւորաբար` Վիեննայի մէջ):
Այս առիթով «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` Թալին Քէշիշեան յայտնեց, որ իր նպատակն է իր ստեղծագործութեանց ընդմէջէն դրսեւորել մարդու արժանիքները, լիբանանեան գունագեղ եւ «ձիւնէն աւելի սպիտակ» մաքուր ու պայծառ բնութեան անհունութիւնը: «Յատկապէս Եւրոպայի մէջ ուսանողութեան օրերուս, խորապէս կը կարօտնայի Լիբանանն ու անոր գեղատեսիլ բնութիւնը», ընդգծեց Թ. Քէշիշեան եւ աւելցուց. «Երկար ժամերու խորհրդածութենէն ետք յանգեցայ «սպիտակ, ձիւնէն աւելի սպիտակ» թեմայի ընտրութեան»:
Կը մնայ նշել, որ մարդու թէ բնութեան անհուն սպիտակին ու անմեղութեան խորքը թափանցող երիտասարդ այս արուեստագէտը չի կրնար անմեղութեան ու պայծառութեան բարձունքն ի վեր սաւառնիլ, եթէ ի՛նք իր նկարագիրին մէջ չունենայ անմեղութեան ու պարզութեան խմորումի հետքերը, որոնք թեւ ու թռիչք կու տան իր ստեղծագործական ներշնչումին:
Կեդրոնական Պէյրութի «Այտա Շերֆան» ցուցասրահին մէջ ներկայացուող Թալին Քէշիշեանի անհատական ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 2 մարտ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30, բացի կիրակի օրերէն:
ՍԻԼՎԱ Գ.





