ԲԱՐԻ ԵԿԱԾ ԷՔ ՓԱՄԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄՕՏ
By adminx - Sat Feb 11, 6:34 am
Փամ եւ անոր ընտանիքը կ՛ապրին Թայլանտի կղզիներէն մէկուն վրայ: Ուտելիք, գործ, հաճոյք… անոնց ամբողջ կեանքը կապուած է ծովուն հետ:
Քաթալէ ընտանիքը կը պատկանի մոքեններու ցեղախումբին: Ժամանակին այս ժողովուրդը ամբողջ տարին կ՛ապրէր նաւերու վրայ. սակայն ժամանակի ընթացքին անոնք ստիպուած եղած են կղզիներուն վրայ հաստատուելու: Քաթալէները իրենց շահած քիչ դրամը կը գործածեն կղզիին միակ խանութէն գնելու բրինձ, պահածոներ եւ քանի մը հագուստներ:
Հանգիստ չկայ
Քաթալէները ո՛չ ջուր ունին, ո՛չ ալ ելեկտրականութիւն: Ամէն օր պէտք է փայտ կտրել կրակ վառելու համար, երթալ ջուր բերել… Սակայն յատկապէս պէտք է ուտելիք գտնել: Երբ մայրը` Սի ծովէն կենդանիներ կը հաւաքէ, Փամ եւ իր հայրը` Տունունկ, կը սուզուին ջուրին տակը իրենց նիզակներով մօտաւորապէս 50 սմ երկար եւ պզտիկ ճերմակ շանաձուկեր որսալու:
Շատ պարզ տուն մը
Ընտանիքը կ՛ապրի Տունունկի կողմէ ջուրին վրայ շինուած տան մը մէջ: Փամ, իր ընտանիքը, հօրեղբայրը, հօրաքոյրը եւ մեծ հայրը, մեծ մայրը միասին կ՛ապրին մէկ սենեակի մէջ, որ նոյն ատեն թէ՛ իբրեւ ննջասենեակ, թէ՛ իբրեւ հիւրասենեակ, թէ՛ ալ իբրեւ խոհանոց կը ծառայէ: Միայն մեծ հայրն ու մեծ մայրը ունին անկողին մը, միւս բոլորը կը պառկին գետինը, խսիրներու վրայ:
Նաւուն վրայ
Երբ եղանակը արտօնէ, քաթալէները կ՛երթան իրենց նաւով` քապանկով: Նաւուն վրայ անոնք ունին իրենց անհրաժեշտ առարկաները` կրակ վառելու, որսալու եւ ճաշ եփելու համար. նաւը իսկական ծփացող տուն մըն է: Անոնք ծովածոցէ ծովածոց շրջելով` խեցեմորթեր կը փնտռեն եւ կը հանդիպին ուրիշ մոքեններու: Անոնք վերջապէս կը վերագտնեն իրենց նախասիրած կեանքը: Անոնց համար ծովուն առաջնորդութեամբ ովկիանոսներուն վրայ այսպէս շրջիլը իսկական ազատութիւն է:
ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՐԿԻՆՔԸ ԿԱՊՈՅՏ Է
Երկինքը երբեմն մոխրագոյն է, երբեմն ճերմակ եւ երբեմն նոյնիսկ` սեւ. սակայն, երբ ամպերը կը հեռանան, անիկա կապոյտ գոյն մը կը ստանայ: Եթէ դուն արդէն օդանաւով ճամբորդած ես, վստահաբար նշմարած ես, որ երբ ամպերու խաւէն վեր կը բարձրանանք, երկինքը միշտ կապոյտ կը մնայ: Ուրկէ՞ կու գայ այս գոյնը:
Երկրագունդը լուսաւորող լոյսը կու գայ արեւէն: Այս լոյսը ճառագայթում մըն է, որ կազմուած է ծիածանին եօթը գոյներէն` կարմիր, նարնջագոյն, դեղին, կանաչ, կապոյտ, ինտիկօ եւ մանիշակագոյն: Այս բոլոր գոյներուն խառնուրդը մեզի կու տայ ճերմակ լոյս մը:
Ըստ իրենց գոյներուն, ճառագայթները աւելի դիւրութեամբ կամ դժուարութեամբ կը թափանցեն մեր մոլորակը շրջապատող օդի խաւը, մթնոլորտը: Տաք գոյները, այսինքն կարմիրը, նարնջագոյնը, դեղինը եւ կանաչը աւելի դիւրութեամբ կը թափանցեն երկրագունդի մթնոլորտ: Ապա անոնք «կը ծծուին» երկրագունդին կողմէ: Հետեւաբար մենք զանոնք չենք տեսներ:
Մինչ պաղ գոյները, այսինքն կապոյտը, ինտիկոն եւ մանիշակագոյնը նուազ դիւրութեամբ կը թափանցեն օդին մէջ: Անոնք մթնոլորտին մէջ կը սփռուին գետին հասնելէ առաջ: Այս պատճառով է, որ մենք երկինքը կապոյտ կը տեսնենք:
Իսկ ինչո՞ւ արեւը դեղին է
Իրականութեան մէջ արեւը ճերմակ է: Աստղանաւորդները կրնան հաստատել ասիկա. երբ անոնք մթնոլորտէն անդին կ՛անցնին, արեւը դեղին չ՛երեւիր, այլ` ճերմակ: Իսկ մենք արեւը դեղին կը տեսնենք, որովհետեւ այս գոյնը կը յառաջանայ, երբ բոլոր գոյները, բացի կապոյտէն, որ երկնքին մէջ կը սփռուի, իրարու կը խառնուին:
ԿԵՆՍԱՆԻՒԹԵՐԸ
Կենսանիւթերը անհրաժեշտ են մեր մարմնի լաւ աշխատանքին համար: Մեր մարմինը, Տէ. կենսանիւթէն զատ, չի կրնար զանոնք մինակը արտադրել: Ան այդ կենսանիւթերը կը գտնէ ուտելիքներուն մէջ: Հետեւաբար ամէն տեսակի բաներ ուտելով է, որ մենք օրական մեզի անհրաժեշտ կենսանիւթի բաժինը պիտի գտնենք:
***
Կենսանիւթը քիմիական նիւթ մըն է, որ մեր մարմինը պէտք ունի ճիշդ կերպով իր «աշխատանքները» կատարելու համար: Մարմինը չի գիտեր զանոնք մինակը պատրաստել եւ ստիպուած է զանոնք առնելու ուտելիքներուն մէջէն: Երբեմն մենք կենսանիւթի պակաս կրնանք ունենալ, եւ կարգ մը կենսանիւթերու պակասը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ մեր առողջութեան վրայ:
***
Ո՞ւր կարելի է գտնել – ինչի՞ կը ծառայէ…
- Ա. կենսանիւթ
- Կարագ, հաւկիթի դեղնուց, կաթնեղէն, ստեպղին, մանկա…
- Ոսկորներուն եւ ակռաներուն կազմաւորում, մորթի եւ մազերու առողջութիւն
- Պէ.1 կենսանիւթ
- Բրինձ, հացահատիկներ, ձուկ, լեարդ, ընկոյզ…
- Ջղային դրութեան լաւ բանում
- Պէ.2 կենսանիւթ
- Կաթ, լեարդ, հաւկիթ, կանաչ բանջարեղէն…
- Բերնին, լեզուին եւ մորթին առողջութեան համար
- Սէ. կենսանիւթ
- Պտուղներ (քիուի, նարինջ…) եւ բանջարեղէններ (պղպեղ, պրոքոլի…)
- Արեան երակներու, լինտերու, ակռաներու առողջութիւն, հիւանդութիւններու դէմ պաշտպանութիւն…
- Տէ. կենսանիւթ
- Իւղոտ ձուկ (օրինակ` լոսդի), կաթ, հացահատիկներ, ձուկի իւղեր…
- Ոսկորներու եւ ակռաներու կազմաւորում եւ առողջութիւն…
- Ը. կենսանիւթ
- Բուսական իւղեր, մարկարին, ընկոյզ, չոր լուբիայ, կանաչ բանջարեղէններ…
- Նոր բջիջներու աճում, հին բջիջներու առողջութիւն եւ ծերացումի դանդաղեցում:
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ
- Որն է մարմնին ամէնէն աղտոտ բաժինը:
- Ձեռքերը, որովհետեւ անոնք յաճախ մանրէներով լեցուն առարկաներու կը դպնան: Այս պատճառով մենք պէտք է շատ լաւ եւ յաճախ լուանք մեր ձեռքերը:
- Գետնառիւծին աչքերը:
Գիտէի՞ր, թէ գետնառիւծին աչքերը կրնան, իւրաքանչիւրը իր կողմէն, բոլոր ուղղութիւններով դառնալ: Ասիկա շատ գործնական է իր որսերը կամ զինք որսացող անասունները անմիջապէս տեսնելու:
- Սիրելի նամակ…
Աշխարհի ամէնէն սուղ դրոշմաթուղթը շուէտական դրոշմաթուղթ մըն է: Տպագրութեան սխալ մը զայն հազուագիւտ դարձուցած է: Անիկա աճուրդով ծախուեցաւ 1,6 միլիոն եւրոյի:
ԺԱՄԱՆՑ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ









