ՓԼԱՄՊԼԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ
By adminx - Thu Feb 09, 1:41 am
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակուած անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց անոր ստանձնելիք աշխատանքները եւ այդ առիթով յաջողութիւն մաղթեց անոր:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Փլամպլին` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Փլամպլի այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ հանդիպումը եղած է դրական:
Պուսթրոս պալատին մէջ Փլամպլի ընդունուեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի կողմէ, որուն հետ քննարկեց իր ստանձնած պաշտօնին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Փլամպլի ըսաւ, որ ինք պատիւ կը զգայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի պաշտօնը ստանձնելուն համար:
Ան նշեց, որ իր կատարած այս առաջին այցելութիւնները պատշիրային բնոյթ ունին` աւելցնելով, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:






