ԻՆՉՈ՞Ւ ՎԱՏ ԴԷՊՔԵՐ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻՆ ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՑ
By adminx - Thu Feb 09, 12:46 am
ԱԼԵՔՍՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կա՞յ անձ մը այս երկնակամարին տակ, որ չէ ըմպած դառնութեան կամ տառապանքի բաժակէն: Կա՞յ գոյակ մը, որ չէ ունեցած դաժան պահեր, դառնաղէտ դժբախտութիւններ` իր համակ կեանքի ընթացքին: Կա՞յ քրիստոնեայ մը, որ իր ծնունդէն իսկ միայն ուրախութեամբ ու յաջողութիւններով առլի կեանք մը անցուցած է: Կա՞յ արարած մը, որ չէ ունեցած վշտամորմոք պահեր, որոնք պատճառ դարձած են իր հոգիի ու տրամադրութեան քայքայման: Վստահաբար պիտի համաձայնիս, թէ կ՛ապրինք նիւթականացած աշխարհի մը մէջ, ուր վատը լաւ, լաւը վատ ընդունուած, արդարը անտեսուած, իսկ ամբարիշտը գերադասուած է առհասարակ:
21-րդ դարու այս աշխարհայնացած կեանքին մէջ տրտմակուռ եղելութեանց դիմաց «զգայուն» մարդոց թիւը բաւականաչափ սկսած է աճ արձանագրել: Դիւրազգած եւ կարծրասիրտ մարդիկ աշխարհի ստեղծագործութենէն իսկ գոյութիւն ունեցած են` միշտ իրարմէ տարբերելով ե՛ւ իրենց նկարագրով, ե՛ւ խառնուածքով, ե՛ւ վարուելակերպով, ե՛ւ իմացականութեամբ: Չկայ անձ մը, որ ունենայ իր նկարագրին, կենցաղակերպին, արտայայտչաձեւերուն, յոյզերուն նմանատիպ անձնաւորութիւն մը: Սա ի վերուստ տրուած նախախնամական տնօրինում է:
Իր գործերուն մէջ ձախորդութեան հանդիպող մարդը կամ իր կեանքի երթուղիներուն մէջ յաճախ վերիվայրումներէ ու դժբախտութիւններէ տառապող «բարեպաշտ» անձնաւորութիւնը, երբեմն խորամուխ ու մանրազնին հայեացքով կը փորձէ գտնել իրեն արգելք հանդիսացող ու իր դժբախտութեանց տուն տուող չարաշուք պատճառները: Եթէ զգայուն անձ մըն ես, կրնայ ըլլալ, որ այդ վատ դէպքերը ամբողջ տրամադրութիւնդ քանդեն եւ աւելի եւս վատթարացնեն քու հոգեվիճակդ ու ամբողջ ներաշխարհդ: Մինչ եթէ «զգայազիրկ» կամ այսպէս ըսած` կարծրասիրտ անձնաւորութիւն մըն ես, այդ բոլոր պատահարները ոչ իսկ ազդեցութիւն մը կ՛ունենան քու վրադ, եւ դուն հպանցիկ ակնարկով դուրս կրնաս գալ այդ բոլոր չարաղէտ դիպուածներէն:
Աւելի խորը երթալով, կեանքի խաչմերուկներուն մէջ դառնակսկիծ աղէտները դիմակայելով կամ բարկութեան վիճակի մէջ գտնուելով` շատեր իրենք իրենց հարց կու տան. «Ինչո՞ւ վատ դէպքեր կը պատահին բարի մարդոց», «Ինչո՞ւ անօրէններ հանգիստ կեանք մը կ՛ապրին, իսկ մենք` արդարներս թշուառ ու աղքատիկ կեանք մը», «Ինչո՞ւ հաճոյամոլ մարդիկ յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն, մինչ մենք մշտապէս ձախորդութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք», «Ինչո՞ւ փորձութիւններ յաճախադէպօրէն միայն մեզի կը պատահին եւ ոչ` ուրիշին», «Ո՞ւր է Աստուած այս բոլորին մէջ, միթէ մեզ չի՞ սիրեր®»:
Քեզի պատահող դժբախտութիւնները, աղէտալի պատահարները Սադայէլին, ընկերոջդ եւ քու իսկ մեղքիդ պատճառով յառաջ եկած փորձանքներ են: Տուայտանքներու, փորձութիւններու եւ բազմապիսի թշուառութեանց մէջ ապրող արարածդ` պէտք չէ հարցականի տակ առնես Աստուծոյ բարութիւնը եւ Անոր գոյութիւնը: «Ո՞ւր է Աստուած» ծանրակշիռ բացագանչութիւնդ հայհոյանք մըն է նոյնինքն Հօրդ` Աստուծոյ ուղղուած: «Դուն ո՞վ նախատեցիր ու որո՞ւ հայհոյեցիր ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր եւ աչքերդ Իսրայէլի Սուրբին դէմ վերցուցիր» (Ես 37.23) կ՛ըսէ Աստուած իր փոթորկաշունչ մարգարէին բերնով:
Երկու բան մեզի պէտք է յստակ ըլլայ. Աստուած Աստուած է եւ մարդը` մարդ: Աստուած հաշուետու չէ մեզի, այլ մենք` Անոր ձեռակերտներս, համարատու ենք Իրեն: Մարդիկ իրենք չէ, որ Աստուծոյ ընելիքը պիտի ճշդորոշեն: Երկրորդ` մեր ընկերոջը կողմէ մեզի պատահող դառնութիւնները կամ նեղութիւնները երբե՛ք Աստուծոյ պէտք չէ վերագրենք: Մարդիկ ընդհանրապէս Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած ազատութիւնը կ՛օգտագործեն չարիք ընելու համար եւ կը մոռնան Աստուածաշունչ մատեանին ոսկետառ խօսքը. «Ձեր ազատութիւնը չարիք գործելու պատրուակ թող չդառնայ» (Ա. Պտ 2.16): Աստուած մեզի պատահող չարիքները կ՛օգտագործէ մեր բարիքին համար եւ ոչ թէ` մեր անկման համար: Պէ՞տք է մեղադրես զԱստուած, որովհետեւ քու բարիքիդ համար կը գործէ տիւ ու ցայգ: Նման մօտեցում ԱՊԵՐԱԽՏ մարդու ու ՀԵԹԱՆՈՍ-ի մօտեցում է: Հետեւաբար, «Փորձութեան մէջ եղող ոեւէ մէկը թող չըսէ, թէ Աստուած է, որ զինք կը փորձէ, որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն, որոնք չարէն կու գան, ո՛չ ալ ինք մարդիկը փորձութեան կ՛ենթարկէ» (Յկ 1.13):
Բանսարկուն իր «արագընթաց» ու վատոտն արբանեակներով, հաճոյաձիգ հրապոյրներով, հեշտալի ու խաբուսիկ միջոցներով կը փորձէ քեզ իր գործիքը դարձնել: Ոմանք գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ հայրութիւնը, կը շարունակեն ամենայն վստահութեամբ ու յոխորտանքով զԱստուած մեղադրել` ըսելով. «Ո՞ւր էր Աստուած, երբ այս բոլորը պատահեցան: Ինչո՞ւ չարգիլեց նման ահալի չարիքի մը ծնունդը®»: Աստուած երբեւիցէ խաղաղ նաւարկութիւն չխոստացաւ քու կենսընթացիդ մէջ, բայց խոստացաւ ապահով նաւարկութիւն մը: Աստուած խաղաղ ծով չխոստացաւ, այլ խոստացաւ խաղաղ նաւահանգիստ: Աստուած չխոստացաւ փորձութիւններէ զերծ կեանք մը, այլ` փորձութիւններու յաղթող կեանք մը: Երբ փորձութեանց կը հանդիպինք, Աստուած զանոնք չի՛ հեռացներ մեր կեանքէն, այլ զանոնք յաղթահարելու միջոցներ կը ստեղծէ (հմմտ Ա. Կր 10.13): Աստուած մեզ փորձութիւններէն դուրս չի՛ բերեր, այլ` կու գայ մեզի հետ ըլլալու մեր չարազդեցիկ փորձութիւններուն մէջ: Ան Սեդրակը, Միսաքն ու Աբեդնագովը կրակի հնոցէն դուրս չբերաւ, այլ Ի՛նք գնաց անոնց հետ ըլլալու կրակին մէջ (Դն 3.24-25): Յովսէփ նոյնպէս, երբ բանտ նետուեցաւ, Աստուած զանիկա բանտէն դուրս չբերաւ, այլ Ի՛նք գնաց անոր հետ ըլլալու բանտին մէջ (Ծն 39.20-21): Փորձութիւնը Աստուծոյ ներկայութեան արդիւնքն է եւ ո՛չ թէ` Աստուծոյ բացակայութեան արդիւնքը: Ահա թէ ինչո՛ւ երբ Աստուած ներկայ է մեր կեանքին մէջ, Սադայէլը ի՛նք նաեւ կը փորձէ ներկայ ըլլալ իր ստայօդ փորձութիւններով: Հետեւաբար փորձիչին ներկայութիւնը փորձանք մը պէտք չէ ըլլայ մեզի համար, այլ մե՛ր ներկայութիւնն է, որ փորձանք պէտք է ըլլայ խաբեբայ փորձիչին համար:
Մարդ իր իսկ մեղքին պատճառներով եւս կրնայ փորձութեանց ենթարկուիլ: Ըղձալի փափաքներդ, ստորաքարշ հաճոյապաշտութիւնդ, ցանկասիրութիւնդ եւ այլ երփներանգ հաճոյքներդ քեզ երբեմն դէմ յանդիման կը դնեն փորձութեանց առջեւ: Փորձութիւն, որուն պատճառաւորեալ պատճառը քու անձդ է եւ ոչ թէ` այլ անձնաւորութիւն մը: Մեղքը փորձութենէն ծնունդ չ՛առներ, այլ փորձութիւնը մեղքէն յառաջ կու գայ: Մեղքը ինքնեկ երեւոյթ մը չէ, այլ ան կը ծնի մեր ներքին ցանկայարոյց իղձերէն: Փորձութիւններ կրնան թոյլ տրուիլ` մեզ հեռու պահելու որոշ մեղքերէ: «Աստուած ձեզ փորձելու եկաւ, այնպէս որ, անոր վախը ձեր առջեւ ըլլայ, որպէսզի չմեղանչէք» (Ել 20.20): Փորձութիւնը մեղքի առիթ պէտք չէ ըլլայ, այլ` մեղքէն հրաժարելու առիթ: Ահա թէ ինչո՛ւ փորձութիւնները սրբագրիչ բնոյթ ունին. Աստուած զանոնք կ՛օգտագործէ մեր մէջ սրբագրելու համար կարգ մը ախտորոշիչ մեղքեր:
Մեր վրայ եկող փորձութեանց երրորդ տեսակը կարելի է համարել մեր անմիջական մտերիմներուն կողմէ կատարուող փորձութիւնները: Ընկեր-ընկերուհիներդ, բարեկամ-բարեկամուհիներդ, հարազատներդ միշտ չէ՛ որ քու բարիքդ կը կամենան, այլ իրենց չարանենգ մօտեցումներով կը ջանան քեզ փորձութեան մատնել: Երեւոյթ մը, որ գոյութիւն ունի այսօրուան ընկերային եւ բարոյական կեանքին մէջ, ուր ընկերութիւնը հիմնաւորուած է խախուտ հիմերու վրայ: Նման ընկերներ իրենց պատրաստած փորձութիւններով ու ծուղակներով, գառնուկի մորթով եւ կերպարանքով մեզի կը մօտենան պարզապէս մեր կեանքը վտանգելու եւ իրենց հաճոյալից ցանկութիւններուն յագուրդ տալու ու բարոյալլկող ձգտումներուն հասնելու համար:
Սիրելի՛ ընթերցող, շատ բնական է, որ ունեցեր ես այնպիսի սարսափելի պահեր, որոնք խորապէս վիրաւորած են քեզ ու երբեմն` քեզ հաւատքէդ շեղած: Քեզի պատահող փորձութիւնները Աստուծոյ մի՛ վերագրեր, որովհետեւ Աստուած քեզ մշտնջենապէս կը պաշտպանէ չարին ճիրաններէն: Ինչպէս կրակին բովէն անցնող ոսկին կը դառնայ ձոյլ ոսկի, որ ցանկալի է բոլորին կողմէ, նոյնպէս եւ դուն` իբրեւ անտաշ քար մը, փորձութեանց ընդմէջէն տաշուելով ու յղկուելով` ընտիր քարի կը վերածուիս: Սատանային դէմ զուր տեղ պայքարելովդ անիմաստ ու անհեթեթ արարք մը կատարած կ՛ըլլաս: Սատանան սատանայ է, չի՛ փոխուիր:
Գեթսեմանացած ճանապարհորդագրութեանդ մէջ երբեք մի՛ տկարանար, այլ ըսէ` «Ետի՛ս գնա, Սա՛տանայ»:





