«ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՆՈՐ ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷ, ԱՆ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ» ԸՍԱՒ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ
By adminx - Wed Feb 08, 7:51 am
Մոհամետ մարգարէի ծննդեան եւ Իսլամական միասնականութեան շաբթուան առիթով երէկ Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Հըզպալլա յանձնառու է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը գոյատեւէ: Ան նշեց, որ կարելի չէ այս կամ այն կողմին միջամտութիւնը խնդրել, որովհետեւ կառավարութեան դիմագրաւած տագնապը բոլորին պատասխանատուութիւնն է:
«Հետեւաբար, նոր փողկապներ եւ պաշտօնական տարազներ պատրաստողներուն կ՛ըսենք, որ այս կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գոյատեւել, հակառակ անոր որ անիկա Հըզպալլայի կառավարութիւնը չէ», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հերքեց բոլոր այն տեղեկութիւնները, թէ շրջանին մէջ շիիականացման արշաւ կայ յատկապէս Իրանի կողմէ:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ ինք ունեցած է հանդիպումներ սիւննի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ, որոնցմէ մէկը` արաբական երկրի մը թագաւորին խորհրդականը, որ լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է իսլամ սիւննիները շիիականացնելու մասին եւ իրեն տրամադրած թիւեր: «Այս բոլորը ապատեղեկատուութեան հսկայ մեքենայի մը հետեւանք են եւ կը միտին արաբական աշխարհն ու արաբ ազգը քայքայել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նման տեղեկութիւններ անհեթեթ են, որովհետեւ արաբական աշխարհին մէջ կ՛ապրին մէկ միլիառ սիւննի իսլամներ եւ ոչ ոք զանոնք շիիականացնելու ծրագիր մը կը հետապնդէ:
Իրանի մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց Թեհրանի, որ մնայուն կերպով զօրակցած է Դիմադրութեան եւ անոր ջանքերուն շնորհիւ Դիմադրութիւնը կրցած է յաղթանակներ արձանագրել թշնամի Իսրայէլին դէմ:
Սուրիոյ իրադարձութիւններուն անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ այնքան ատեն որ ժողովուրդը եւ բանակը կառչած կը մնայ սուրիական վարչակարգին, ապա կարելի չէ ըսել, որ Սուրիոյ վարչակարգը ժողովրդականութիւն չի վայելեր:
Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ, որ ամերիկեան, իսրայէլեան, արեւմտեան եւ արաբական չափաւորականութեան կողմէ որոշում մը տրուած է տապալելու սուրիական վարչակարգը, հակառակ անոր որ այդ մէկը պահանջողները ո՛չ ժողովրդավարութիւն, ո՛չ ալ մարդկային իրաւունքներ կը յարգեն:
«Սուրիայէն պահանջուածը Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ գործող Դիմադրութեան գլուխն է, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան դատին եւ պաղեստինցիներուն գլուխը», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա:






