ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵԼԷ ԵՏՔ. «ԱՅՍ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ ԷԻՆ, ԵՒ ԱՆԻԿԱ ՃԻՇԴ ԱՏԵՆԻՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԼԱՒՐՈՎ
By adminx - Wed Feb 08, 7:22 am
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Միխայիլ Ֆրատքովի հետ այցելեց Դամասկոս, ուր արժանացաւ ժողովրդային խուռներամ ընդունելութեան:
Լաւրով եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ կէսօրին հանդիպում ունեցան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ անոր հետ քննարկեցին Սուրիոյ իրադարձութիւնները, բարեփոխումներու գործադրման ժամանակացոյցը: Ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, քննարկուեցաւ նաեւ «սուրիացի քաղաքացիներուն եւ պետական հաստատութեանց դէմ արտաքին կողմերէ աջակցութիւն ստացող զինեալ խմբաւորումներու գործած ահաբեկչութեան բնոյթը»:
Ասատ սուրիացի ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ կեցուածքին համար: Լաւրով պատասխանեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ կեցուածքը կը բխի Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ իր իրապաշտ եւ հաւասարակշռուած գնահատականէն, միջազգային օրէնքի եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին նկատմամբ յարգանքէն, ինչպէս նաեւ իր այն համոզումէն, որ ներքին երկխօսութեան քաջալերման փոխարէն արտաքին միջամտութիւնն ու հրահրումը յաւելեալ արիւնահեղութեան եւ բռնարարքներու պիտի առաջնորդեն:
Լաւրով վերահաստատեց Սուրիոյ կայունութեան եւ անկախ որոշումին նկատմամբ իր նախանձախնդրութիւնը, սուրիացի ժողովուրդի շահերուն եւ Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն իր զօրակցութիւնը` յայտնելով, որ Ռուսիա կը յուսայ, որ բարեփոխումները շուտով կը գործադրուին` մասնակցութեամբ բոլոր սուրիացիներուն եւ ազգային երկխօսութեամբ մը, որ կը պահպանէ իրենց երկրին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:
Լաւրով իր հանդիպումը «շատ կարեւոր» որակեց` նշելով, որ ինք Սուրիոյ ներկայ տագնապէն կարելի եղածին չափ շուտ դուրս գալու համար եւ 2 նոյեմբեր 2011 թուակիր արաբական ծրագիրին հիմամբ օժանդակելու իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնած է:
Լաւրով նշեց, որ նախագահ Ասատ վստահեցուցած է, որ ինք յանձնառու է արաբական ծրագիրին մէջ նշուածին նման վերջ տալու բռնարարքներուն, ինչ ալ ըլլայ անոնց աղբիւրը, եւ այդ առումով Արաբական լիկայի դէտերու առաքելութեան աշխատանքի շարունակումին եւ դէտերու թիւի յաւելման նկատմամբ իր շահագրգռութիւնը յայտնած է:
«Կը հաստատեմ այն ինչ որ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը մէջ ըսի Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիին. Ռուսիա կը կարծէ, որ անհրաժեշտ է պահպանել դէտերու պատուիրակութիւնը եւ զայն ընդլայնել, ինչ որ շատ լուրջ ազդակ մըն է: Այս այցելութեան արդիւնքները շատ կարեւոր էին եւ ճիշդ ատենին տեղի ունեցան: Բոլոր հիմքերը ունինք կարծելու, որ ամէն ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու շուրջ մեր բերած պատգամը լաւ հասկցուեցաւ», ըսաւ Լաւրով: Ան ըսաւ, որ Ռուսիա մտադիր է Սուրիոյ, անոր դրացի երկիրներուն եւ Արաբական լիկային հետ աշխուժ կերպով աշխատիլ սուրիական տագնապին լուծում մը գտնելու համար:
Մինչ այդ, իշխանամէտ «Շամ Էֆ. Էմ.» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիա եւ Թուրքիա սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուած Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան 49 անդամներու ազատ արձակման շուրջ բանակցութիւններու սկսած են:
Ըստ ձայնասփիւռի կայանին, անոնց ազատ արձակման համար երեք պայմաններ դրուած են` թուրք գործակալներուն սուրիական ազատ բանակէն տարրերու հետ փոխանակում կատարել, Թուրքիա յանձնառութիւն կը ստանձնէ թրքական սահմանէն սուրիական ազատ բանակի զինեալներուն Սուրիա ներթափանցումին արգելք հանդիսանալ եւ Թուրքիա կը դադրի Սուրիական ազատ բանակի զինեալները մարզելէ: Սուրիա նաեւ պայման դրած է, որ Իրան երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութեան վկան ըլլայ: Նշենք, որ ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Միխայիլ Ֆրատքով գերիներու փոխանակումի համար թուրք-սուրիական համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար Դամասկոս եկած է: Ըստ տեղեկութեանց, Սուրիա Թուրքիոյ, Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան շարք մը անդամներ ձերբակալած է: Անոնք Մոսկուա պիտի փոխադրուին, ապա Թուրքիա պիտի մեկնին, փոխարէնը` թրքական կողմը Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար Ռիատ Ասաատն ու շարք մը դասալիք սպաներ Դամասկոսի պիտի յանձնէ եւ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին վրայ ճնշում պիտի բանեցնէ, որպէսզի վերջինս Մոսկուայի հիւրընկալութեամբ սուրիական իշխանութեանց հետ լուրջ բանակցութիւններու մասնակցիլ ընդունի:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ռուսիոյ կեցուածքին նկատմամբ Արեւմուտքին «ոչ դիւանագիտական հակազդեցութիւնները» Մոսկուայի կեցուածքին ճիշդ ըլլալը կը փաստեն, «եւ թէ աւելի լաւ է միջին լուծումներ գտնել»:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին «խեղկատակութենէն ետք», սուրիական վարչակարգին ընդդիմացող պետութիւններուն հետ նոր նախաձեռնութեան պիտի ձեռնարկէ:
«Սուրիոյ մէջ սպաննուած հազարաւոր մարդիկ իսլամներ են, այդ պատճառով ալ աշխարհը աչք կը փակէ այդ երկրին մէջ կատարուող բռնութիւններուն վրայ եւ նոյնիսկ այդ ամէնը կը պաշտպանէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Սուրիա Թուրքիոյ եղբայրական երկիրն է, ուստի Անգարա սուրիացիներուն կողքին պիտի ըլլայ եւ անոնց պահանջները պիտի պաշտպանէ: «Բոլոր անոնք, որոնք թոյլ կու տան Սուրիոյ մէջ սպանութիւնները շարունակել, մեղաւոր են այնքան, որքան այդ երկրին իշխանութիւնները», նշեց Թուրքիոյ վարչապետը:
Նշենք, որ Ֆրանսա եւ Իտալիա երէկ Սուրիոյ մէջ իրենց դեսպանները տուն կանչեցին: Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի երկիրները իրենց կարգին Սուրիոյ մէջ իրենց դեսպանները տուն կանչեցին եւ իրենց մօտ Սուրիոյ դեսպաններէն պահանջեցին հեռանալ:
Պահրէյնի մէջ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Տը Սէուտի Կազեթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Ծոցի համագործակցութեան երկիրները մօտ օրէն Սուրիական ազատ բանակը պիտի ճանչնան իբրեւ սուրիացի ժողովուրդին միակ օրինական ներկայացուցիչը: Աղբիւրը հաւանական նկատեց, որ Ծոցի արտաքին գործոց նախարարներու շաբաթ օրուան ժողովին ընթացքին այդ ուղղութեամբ որոշում մը որդեգրուի:






