ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՒ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ` 1-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼՈՎ ՆԸԺՄԷՆ
By adminx - Tue Feb 07, 8:10 am
Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան (95-96 տարեշրջանի ծնունդ) մրցումները, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի ճակատումները:
ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ իր առաջին մրցումը կատարեց Անսարի դաշտին վրայ, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նըժմէն: Մրցումին եւ ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Սերժ Տօնապետեան (93-րդ):
ՀՄԸՄ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ կիրակի, 12 փետրուարին` իրեն մրցակից ունենալով Ահտը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիչն է Յակոբ Անտոնեան, իսկ օգնական մարզիչը` Յարութ Սարգիս:






