ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԵՏ ՎԵՐՑՆԵԼՈՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
By adminx - Tue Feb 07, 7:55 am
Հայաստանի Ազգային ժողովին Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութիւններուն Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններէն ետ վերցնելու ստորագրութիւնը:
Ան երէկ այս առաջարկով դիմած է Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանին, որպէսզի վերջինս հարցը բարձրացնէ Հայաստանի նախագահին մօտ:
Ս. Սաֆարեան նշեց, որ նախքան իր առաջարկը ներկայացնելը իր կողմէ վկայաբերուեցան վերջին օրերուն թուրք պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները, մասնաւորաբար Թուրքիոյ եւրոպական համարկման հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի Տաւոսի մէջ կատարած յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան յայտնած էր, որ ինք կասկածի տակ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ ըսած էր, որ թող գան եւ իրեն ձերբակալեն, քանի որ այդ երկիրը (Զուիցերիա) ընդունած է ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրինագիծը: Իսկ նախանցեալ օր «Զաման»-ի մէջ տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Պաղըշ նշած էր, որ իրենք ներում կը հայցեն հայերէն, եթէ հայերը ապացուցեն, որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է:
Ընդդիմադիր գործիչը ընդգծեց, որ այսպիսի պահուածք ունեցող երկրին հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները ոչ միայն վաւերացման պարագային լաւ բան չեն կրնար խոստանալ, այլ նաեւ սառեցուած վիճակով աւելի քան վտանգաւոր կը դառնան:
Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան անդամ Յովհաննէս Սահակեան «Ազատութիւն» ռատիոկայանին յայտնեց, որ ինչպէս պատմութիւնը ցոյց տուաւ, արձանագրութիւններու ստորագրումը չկասեցուց Հայոց ցեղասպանութեան փաստի միջազգային ճանաչման ընթացքը, իսկ Թուրքիոյ կողմէ զանոնք չվաւերացնելը կը յանգեցնէ Անգարայի նկատմամբ միջազգային ճնշման:
Ան հարց տուաւ, թէ ստորագրութիւնները ետ վերցնելը Հայաստանին ի՞նչ պիտի տայ: Ըստ անոր, ատիկա արդիւնաւէտ քայլ չի նկատուիր:






