ՇԱՐՊԵԼ. «ԱՄԲՈՂՋ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՎՏԱՆԳԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ Է ԵՒ ՈՉ ԹԷ ԿԱՐԳ ՄԸ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»
By adminx - Mon Feb 06, 7:48 am
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ամբողջ Լիբանանը ենթարկուած է վտանգի եւ ոչ թէ լիբանանցի կարգ մը անձնաւորութիւններ:
Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի ապահովական վիճակը ուղղակիօրէն կախեալ է Սուրիոյ ապահովական կացութենէն` աւելցնելով, որ Սուրիոյ պատահարները կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ նաեւ Լիբանանի վրայ:
Անդրադառնալով Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան` Շարպել յայտնեց, որ լիբանանեան ապահովական ուժերը իրարու միջեւ կը գործակցին` աւելցնելով, որ անոնք իրարու նկատմամբ փոխադարձ վստահութիւն ունին:
Միւս կողմէ, Շարպել յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը ոչ մէկ տեղեկութիւն կ՛անտեսեն նկատել տալով միաժամանակ, որ իրենք կը զգուշանան նաեւ այն իրողութենէն, որ ապահովական տեղեկութիւնները քաղաքական ենթահող կրնան ունենալ:
Նշենք, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք շշմած է այն առումով, որ ներքին գործոց նախարարը անկարեւոր նկատած է իր զաւակը` երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու մասին ապահովական տեղեկութիւնները:
Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ «անիշխանութիւն ապրող» այս երկրին մէջ պատասխանատուները նշեալ մտայնութեամբ եւ տրամաբանութեամբ կը գործեն:





