Saturday May 25, 2013

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՐՈՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ

By adminx - Mon Feb 06, 7:47 am

Ռայի պատրիարքը կը նախագահէ Լահուտի յուղարկաւորութեան

Մեթնի մէջ կատարած իր շրջապտոյտին ընթացքին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն ներկայ մահաքունին համար եւ շեշտեց, որ պատրիարքութեան համար մերժելի է լիբանանցի ժողովուրդին արտագաղթը:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործադրուած այս քաղաքականութիւնը խիստ մերժելի է, որովհետեւ ան դէպի քանդում կ՛առաջնորդէ:

Ռայի պատրիարքը այս յայտարարութիւնները կատարեց երէկ, երբ այցելեց Սին էլ Ֆիլի, Ժտէյտէի, Սատ էլ Պաուշրիէի, Ռաուտայի, Տահր Սաուանի, Ռումիէի, Պէյթ Մերիի, Այն Սաատէի եւ Մանսուրիէի եկեղեցիները, ուր մատուցեց պատարագներ:

Ռայի պատրիարքը, որ շաբաթ օր այցելեց Էշրեֆիէի Մար Եուսեֆ եկեղեցին, իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ ցաւալի է տեսնել, որ ժողովրդային եւ քաղաքական մակարդակի վրայ յուսալքումը տիրական է:

Ան հաստատեց, որ Պէյրութը համագործակցութեան մայրաքաղաքն է` ընդգծելով լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը:

Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքին հովուապետական այս այցելութիւնը շարունակուի մինչեւ յառաջիկայ հինգշաբթի օր, որ կը զուգադիպի Մար Մարոնի տօնին:

Նշենք, որ շաբաթ կէսօրէ ետք, Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ Ռայի պատրիարքը նախագահեց նախկին երեսփոխան Նեսիպ Լահուտի յուղարկաւորութեան արարողութեան:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement