ԸՍՏ ARMSPORT.AM-ԻՆ ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԽՈՒՐՇՈՒՏԵԱՆ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ՓՈՐՁԵՐՈՒՆ
By adminx - Sat Feb 04, 8:13 am
Մարզական լուրերուն հետ միշտ քայլ պահող հայկական լրատուական կայքէջին` Armsport.am-ի համաձայն, Եւրոպայի ծանրաբարձութեան փոխախոյեան Հռիփսիմէ Խուրշուդեան բաւական ապաքինած ըլլալով սկսած է իր փորձերուն:
Ան Armsport.am-ին ըսած է հետեւեալը. «Թէեւ փորձերուս սկսայ, սակայն անոնք այդքան ալ ծանրաբեռնուած չեն ներկայ հանգրուանին: Մարտ ամսուան կիսուն պիտի սկսին ուսումնամարզական հաւաքները, որոնց սովորական եւ ծանրաբեռնուած ձեւով պիտի մասնակցիմ»:
Նշենք, որ ան ներկայիս կը պատրաստուի յառաջիկայ ամրան ընթացքին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք 2012-ի Ամառնային ողիմպիականի խաղերուն: Հետեւաբար, ան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ յառաջիկայ գարնան տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Ան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ նաեւ այս ամիս տեղի ունենալիք Հայաստանի մեծերու ախոյեանութեան:






