Sunday May 26, 2013

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇՈՒԷՅՖԱԹԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐԸ

By adminx - Sat Feb 04, 7:52 am

Նախարար Սապունճեան` «Փեփսի»-ի գործարանին մէջ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց Շուէյֆաթի ճարտարարուեստի յատուկ շրջանին մէջ գտնուող գործարանները, ուր ստուգեց գործարաններուն աշխատանքը եւ ծանօթացաւ անոնց դիմագրաւած հարցերուն ու դժուարութիւններուն:

Նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ բոլոր գործարաններուն գլխաւոր հարցերն են ելեկտրական հոսանքի ընդհատումը, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի սակերուն արձանագրած յաւելումը:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը գործարաններուն պահանջները փոխանցած է համապատասխան նախարարութիւններուն, որոնք սակայն մինչեւ օրս միայն խոստումներ տուած են եւ ոչ մէկ գործնական քայլի ձեռնարկած` գիտնալով հանդերձ, որ այդ պայմաններուն ապահովումը պետական գանձարկղը ոչ մէկ ձեւով կը ծանրաբեռնէ:

Վ. Սապունճեան ընդգծեց, որ այլեւս անընդունելի է երկրին եւ քաղաքացիին իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական կացութեան բարելաւման համար էական կարիքներուն անտեսումը:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement