Wednesday Jun 19, 2013

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

By adminx - Sat Feb 04, 7:44 am

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին հետ: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները եւ կրօններու միջեւ մերձեցումին անհրաժեշտութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, երկրին ապահովական ուժերուն մօտ գտնուող տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւններ պիտի կատարուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ղասսան Սալամէ երէկ Փարիզէն ժամանեց Լիբանան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը զինք տեղեակ պահած է իր զաւակը` երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը թիրախ դարձնող ապահովական ծրագիրի մը մասին, մերժելով մանրամասնութիւններ փոխանցել: Իր կարգին, Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ լիբանանեան ապահովական բոլոր կառոյցները եւ պետութիւնը պէտք է գործակցին` պահպանելու համար լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահովութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յառաջիկայ երեքշաբթի օր պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ լիբանանեան նորագոյն զարգացումներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան դիմագրաւած հարցին լուծումը միջնորդութեան կարիք չունի, այլ` երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան:

Քանաան բուռն ընդվզում յայտնեց քրիստոնեայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումին գծով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ քաղաքական աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի խիստ հակազդեցութիւնը երբեք չի համապատասխաներ հարցին էութեան:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութեան դիմագրաւած ներկայ տագնապին լուծումը կարելի ըլլայ շուտով իրականացնել` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` կատարելու համար պետական նշանակումները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա պետական նշանակումներու թղթածրարին դիմագրաւած հարցին անդրադառնալով ըսաւ. «Այդ հարցը զուտ օրինական է, հակառակ այն իրողութեան, որ կարգ մը կողմեր այդ թղթածրարը կը ներկայացնեն իբրեւ միջքրիստոնէական հարց»: Ան կոչ ուղղեց այս իմաստով գործադրելու երկրին սահմանադրութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին արձանագրուած զարգացումը նոր նախընթաց է: «Եթէ մենք արտօնենք, որ այս ընթացքը շարունակուի, ապա սպաննած կ՛ըլլանք երկրին սահմանադրութիւնը», նկատել տուաւ ան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ կոչ ուղղեց կառավարութեան լիբանանեան գերիշխանութիւնը բանեցնելու Լիբանանի տարածքին եւ անոր բոլոր սահմաններուն վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ սուրիական տագնապին առումով Ռուսիա երբեք սակարկութիւններ պիտի չկատարէ` աւելցնելով, որ Մոսկուա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի սուրիական ներքին երկխօսութեան յանգի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի խստիւ դատապարտեց ՄԱԿ-ի կողմէ ցուցաբերուած կողմնակալութիւնը` Իսրայէլի նկատմամբ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն վնասազերծելու համար լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին սպառնացող ականները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի որդեգրած կեցուածքը հակասահմանադրական է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ ընդգծեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի` աւելցնելով, որ եթէ կառավարութիւնը իր նոյն ընթացքով շարունակէ, ապա ան երկիրը պիտի քանդէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ սուրիական հրասայլերը կը գտնուին լիբանանեան սահմանին մօտ` աւելցնելով, որ անոնք կարծէք գործողութեան մը կը պատրաստուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին տապալումը դարձած է հաստատ:

ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը գտնուի քաղաքացիներուն կարիքները հոգալու եւ լիբանանցիներուն լաւագոյնս ծառայելու հարկադրանքին տակ: Ան աւելցուց, որ եթէ կառավարութիւնը անկարող է այդ մէկը կատարել, ապա ան պէտք է հրաժարի իր պաշտօնէն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իրաւունք չունի կասեցնելու կամ ընդհատելու կառավարութեան նիստերը:

 

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement