Friday May 24, 2013

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆՆԵՐԸ ՔՈՒԷՅԹԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՋԱԽՋԱԽԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ

By adminx - Sat Feb 04, 7:43 am

Քուէյթի իսլամականներու ղեկավարութեամբ ընդդիմութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց խորհրդարանի 50 աթոռներէն 34-ը: Կիները ձախողեցան խորհրդարանին մէջ ներկայացուցիչ ունենալու, իսկ ազատականները մեծ պարտութիւն կրեցին:

Ընդդիմութեան ապահոված 34 աթոռներէն 23-ը կը պատկանի Իսլամ եղբայրներուն եւ սալաֆականներուն, իսկ ազատականները, որոնք նախապէս ընդդիմութեան շարքերուն մէջ էին, սակայն խորհրդարանական ընտրապայքարի ընթացքին այլ ուղի ընտրեցին, նոր խորհրդարանին մէջ ապահովեցին միայն երկու աթոռ:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement