Friday May 24, 2013

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 3. ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

By adminx - Sat Feb 04, 7:24 am

Ինչպէս նախապէս` նոյեմբեր 2010-ի եւ յունուար 2012-ի հաղորդագրութիւններով տեղեկացուցած էինք, Հայկազեան համալսարանը կը պատրաստուի պատշաճօրէն նշելու Հայ տպագրութեան 500-ամեակը: Ծրագրուած ձեռնարկներու շարքին իր ծաւալով ու կարեւորութեամբ մեծ տեղ կը գրաւէ 7-12 մայիս 2012-ին կայանալիք լիբանանահայ մամուլին նուիրուած ցուցահանդէսը:

Պիտի փորձենք այդ ցուցահանդէսին ըստ կարելւոյն ներկայացնել ամբողջական պատկերը

Լիբանանի մէջ ցարդ հրատարակուած կամ հրատարակուող մամուլի հարուստ հաւաքածոյին:

Առ այդ, կը խնդրենք բոլոր ազգայիններէն, որոնք իրենց քով կը պահեն լիբանանահայ մամուլի հազուագիւտ նմուշներ, կամ ունին տարբեր տեղեկութիւններ այդ մասին, փոխանցեն զանոնք մեզի ամէնէն ուշը` մինչեւ 22 փետրուար 2012: Յանձնախումբին տրամադրուող բոլոր նիւթերը յետպատճէնումի պիտի վերադարձուին իրենց տէրերուն:

Ձեր փոխանցած տեղեկութիւնները պիտի ծառայեն նաեւ հետագային կազմելու լիբանանահայ մամուլին մասին ամբողջական տեղեկատու մը:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կապ կրնաք պահել Օրդ. Սոնիա Սիսլեանին հետ`

հեռաձայնելով` (01) 353010/1/2  կամ (01) 349230/1 թիւերուն 350 ներքին գիծին, կամ ե- նամակով հետեւեալ հասցէին.- sonia.sislian@haigazian.edu.lb:

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՀԱՅ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 500-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement