«ԿԸ ՄԱՂԹԵՆՔ, ՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԸԼԼԱՅ ԱՒԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ, ԵՒ ԿԸ ՇԵՇՏԵՆՔ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ` ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
By adminx - Fri Feb 03, 11:24 am
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան 1 փետրուար 2012-ին «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին մաղթեց, որ կառավարութիւնը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ իր աշխատանքին մէջ` նկատել տալով, որ կան շարք մը թղթածրարներ, որոնք անմիջական լուծման կարիքը ունին:
Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նկատել տուաւ, որ երկրին ապրած բարգաւաճման, ապրուստի եւ տնտեսական տագնապալի կացութիւնները կարիքը ունին վարչական, ապահովական եւ դատական նշանակումներու: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան կողմէ պետական պաշտօնեաներու նշանակման ուշացումը հետեւանք է կարգ մը պաշտօններու շուրջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններու:
Յ. Մխիթարեան շեշտեց, որ պետական նշանակումներու թղթածրարին քննարկումը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ կարեւորագոյնը այդ թղթածրարին մասին համախոհութեան գոյացումն է: Ան ընդգծեց, որ հարց պէտք չէ ըլլայ պետական նշանակումները մաս առ մաս կամ ամբողջական ծրարի մը ծիրին մէջ:
Լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին եւ Լիբանանի վրայ սուրիական իրադարձութիւններուն ունենալիք հաւանական հետեւանքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Մխիթարեան լիբանանեան բոլոր կողմերուն եւ համայնքներուն միջեւ երկխօսութեան կոչ ուղղեց` ամրապնդելու համար Լիբանանի կացութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ հարցերուն վտանգաւոր հետեւանքներէն` նկատել տալով, որ ներկայ հանգրուանը այնքան ալ յստակ չէ եւ անորոշութեան վախը կը յառաջացնէ:
Անդրադառնալով կարգ մը քաղաքական ուժերու կողմէ կատարուած այն բացայայտումներուն, թէ անոնք Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին հետ կապի մէջ են, Յ. Մխիթարեան հաստատեց, որ այդ մէկը պատմական սխալ մըն է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին հարցով լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքը դրական չէզոքութիւնն է: «Քաղաքական ոչ մէկ ուժ պէտք է միջամուխ ըլլայ այլ պետութեան մը, յատկապէս` Սուրիոյ ներքին հարցերուն», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ այդ միջամտութիւնը երբեք Լիբանանի շահերուն չի ծառայեր:
Միջին Արեւելքի մէջ թրքական դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Մխիթարեան շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը բազմիցս զգուշացուցած էր արաբական երկիրներուն բացուելու Թուրքիոյ քաղաքականութենէն: Ան նշեց, որ արաբական աշխարհին բացուելու թրքական քաղաքականութիւնը գործադրուած է ի մասնաւորի տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ զբօսաշրջական մարզերուն մէջ` աւելցնելով, որ ներկայիս շրջանին մէջ թրքական դերակատարութիւնը շարունակութիւնը կը նկատուի օսմանեան քաղաքականութեան:
Յ. Մխիթարեան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զգուշանալու թրքական այս վտանգաւոր դերակատարութենէն, որովհետեւ Լիբանան շրջանին դիմագրաւած թրքական այս ալիքէն ոչ մէկ շահ կրնայ ունենալ: «Արդէն իսկ լիբանանեան ընկերութեան մէջ շատեր անդրադարձած են այս իրողութեան», նշեց ան` յայտնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը խիստ ընդվզումով կը հետեւի թուրք անձնաւորութիւններուն Լիբանան այցելութիւններուն եւ կարգ մը անձնաւորութիւններու կողմէ զանոնք դիմաւորելու ոճին: Այս առումով, Յ. Մխիթարեան յայտնեց, որ այս իրողութեան վերջին դրսեւորումը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հիւրընկալման ձեւն էր, եւ հարկ է նման երեւոյթներուն վերջ տալ:
Միւս կողմէ, Յ. Մխիթարեան անհաւանական նկատեց, որ հետագային Լիբանանի ապահովական կացութիւնը լարուած իրավիճակի մէջ ըլլայ, ինչպէս կը նկարագրուի կարգ մը անհատներու կողմէ: «Բայց եւ այնպէս պէտք է ընդունիլ, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ սպասողական զգայուն հանգրուան մը: Լիբանանցիները երկրին դիմագրաւած քաղաքացիական պատերազմէն պէտք է քաղած ըլլան այն դասը, թէ բաժանումը անօգուտ է, եւ պէտք է բոլորս միասին նստինք եւ խորհրդակցինք, որովհետեւ անոր մէջ կը կայանան Լիբանանի շահերը», ըսաւ ան:
Յ. Մխիթարեան հարցազրոյցը եզրափակեց ըսելով, որ այս հանգրուանին լիբանանցիները կը գտնուին երկխօսութիւն կատարելու հարկադրանքին տակ:





