ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
By adminx - Fri Feb 03, 8:24 am
ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինովին, ՖԻՏԷ-ի նախագահական խորհուրդի անդամներուն.
Յարգելի՛ պարոն նախագահ,
Նախագահական խորհուրդի յարգելի՛ անդամներ.
Լրատուամիջոցներէն տեղեկացայ, որ աշխարհի ախոյեանին անունը վճռող մրցաշարքը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են Ազրպէյճանի եւ Պուլկարիոյ ճատրակի ֆետերասիոնները:
Ձեզի կ՛ուզեմ տեղեկացնել, որ Ազրպէյճանի մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը եւ մեր երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող մնայուն լարուածութիւնը անկարելի կը դարձնեն իմ մասնակցութիւնս` Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք որեւէ տեսակի մրցաշարքի:
Այնպիսի պատասխանատու եւ կարեւոր մրցաշարք, այս պարագային` աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար մրցաշարքը, անոր մասնակցողներէն կը պահանջէ հոգեկան անդորրութիւն եւ ուժերու արտակարգ կեդրոնացում:
Շատ անհրաժեշտ է բարոյահոգեբանական բարենպաստ մթնոլորտի առկայութիւնը, որ դժբախտաբար ներկայիս չկայ Ազրպէյճանի մէջ ազգութեամբ հայ ոեւէ անձնաւորութեան համար:
Բոլոր մասնակցողները պէտք է գտնուին հաւասար պայմաններու մէջ, ինչ որ սակայն անկարելի պիտի ըլլայ, եթէ այդ մրցաշարքը տեղի ունենայ Պաքուի մէջ:
Անվտանգութեան երաշխիքները չեն կրնար կացութենէն որեւէ բան փոխել:
Վերոնշեալ կէտերը նկատի առնելով` ձեզի կը տեղեկացնեմ, որ եթէ Ազրպէյճան ըլլայ հիւրընկալ երկիրը, մրցաշարքին պիտի չմասնակցիմ: Անկէ բացի, որեւէ երկիր պատրաստ եմ երթալու:
Յոյսով եմ, որ դուք նկատի առնէք այս բոլոր նկատառումները եւ այս հարցը քննարկէք ձեր նախագահական խորհուրդի նիստին ընթացքին:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ խորին յարգանքներով`
Կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան:






