Friday May 24, 2013

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՔԱՈՒՆԹՐԻ ԼՈՃ-ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ

By adminx - Fri Feb 03, 8:25 am

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 3 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Քաունթրի լոճի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին վրայ (Նահր Մոթ):

Նշենք, որ 14-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութի մրցակիցը պիտի ըլլայ Պլու Սթարզ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, չորեքշաբթի, 8 փետրուար, երեկոյեան ժամը 19:30-ին:

14-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ութ խումբեր` իւրաքանչիւր խմբակի առաջին չորս դիրքերը գրաւողները, իրաւունք պիտի ստանան իրենց մասնակցութիւնը բերելու Բ. հանգրուանի մրցումներուն:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement