«ՍԱՐՔՈԶԻ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԻՐ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
By adminx - Fri Feb 03, 8:11 am
Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք, նախանցեալ երեկոյեան ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի պատրաստ է անմիջապէս ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մտցնելու շրջանառութեան մէջ, եթէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը 23 յունուարին ծերակոյտի հաւանութեան արժանացած փաստաթուղթը հակասահմանադրական նկատէ:
Սահմանադրական խորհուրդը ամէնէն շատ մէկ ամիս ունի օրինագիծին ճակատագիրը վճռելու համար եւ եթէ որոշէ, որ փաստաթուղթը չի համապատասխաներ երկրին սահմանադրութեան, ապա ինչպէս «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան, «օրէնքը ջուրը ինկած կ՛ըլլայ, եւ վերջ»:
Վարժապետեան նշեց, որ Ֆրանսայի նախագահը, յայտարարելով, որ անձամբ եւ անմիջապէս նոր օրինագիծ պիտի դնէ շրջանառութեան մէջ, ցոյց կու տայ իր վճռականութիւնը այս հարցին մէջ մինչեւ վերջ երթալու:
Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը նշեց, որ նախագահ Սարքոզին ցոյց կու տայ, որ ինք պատրաստ է մինչեւ վերջ երթալու, ինչպէս նաեւ կը ցանկայ իր բոլոր հակառակորդներուն պատասխան տալ այս իմաստով` արտաքին թէ ներքին, արտաքինէն աւելի` ներքին սպառման համար:
Ըստ Վարժապետեանի, եթէ Նիքոլա Սարքոզի ստիպուած ըլլայ նոր օրինագիծ ներկայացնելու, ապա ատիկա խորհրդարանի քննարկման կրնայ դրուիլ արդէն փետրուարի աւարտին: Ան նշեց, որ ընթացակարգը այն է, որ իր կառավարութեան միջոցով ան պիտի ներկայացնէ այդ օրինագիծը խորհրդարանին, եւ քանի մը օրուան ընթացքին անմիջապէս կառավարութիւնը անգամ մը եւս կրնայ օրինագիծը Ազգային ժողովի օրակարգ բերել: Ըստ անոր, նոյնիսկ եթէ փետրուարի աւարտին խորհրդարանական արձակուրդը սկսի, քանի մը օր մնացած կ՛ըլլայ եւ այդ քանի մը օրուան ընթացքին նախագահը կառավարութեան միջոցով կրնայ իր այդ խոստումը կատարել:
Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը նշեց, որ օրէնքին համաձայն, այժմ արդէն երբ օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդի քննարկման ներկայացուած է, նախագահը այլեւս չի կրնար ատիկա վաւերացնել` պէտք է սպասէ բարձրագոյն ատեանի որոշման:
Սարքոզի կրնար օրինագիծը աւելի կանուխ վաւերացնել, քանի տակաւին ծերակուտականները անհրաժեշտ թիւով ստորագրութիւններ չէին հաւաքած եւ բողոքարկած: Պատասխանելով այն հարցումին, որ ինչո՞ւ ֆրանսայի նախագահը գերադասեց սպասել, եթէ օրինագիծը մինչեւ վերջ տանելու հարցին մէջ վճռական է, եւ ինչո՞ւ չստորագրեց զայն ընդունումէն ետք, Հրաչ Վարժապետեան յայտնեց, որ այս հարցին ոչ ոք չի կրնար ստոյգ պատասխան տալ, սակայն Սարքոզի վարուած է այնպէս, ինչպէս սովորաբար բոլոր օրինագիծերու հաստատման պարագային կը վարուի:





