ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ
By adminx - Fri Feb 03, 7:22 am
Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի եւ կազմակերպութեամբ «Կալըրի Շահին»-ի, երէկ` հինգշաբթի, 2 փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Կալըրի Շահին»-ի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը արուեստագէտ-գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի յարգանքի ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսին ներկայ էր մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի ներկայացուցիչ Տիմա Ռաատ եւ մեծ թիւով արուեստագէտներ: «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Յարութիւն Թորոսեան յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը անձնական նախաձեռնութիւնն է «Կալըրի Շահին»-ի տնօրէնութեան, որ փափաքած է յարգանքի ցուցահանդէսով մը պատուել լիբանանահայ արուեստագէտը:
Ան աւելցուց, որ այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ իր աշակերտները` ներկայացնելով տարբեր գործեր:
Անդրադառնալով իր գործերուն Յ. Թորոսեան յայտնեց, որ ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ իր 50 տարուան աշխատանքին մէկ մասնիկը եղող 50 գեղանկարներ` բաժնուած 4 հանգրուաններու` նախաակադեմական, ակադեմական, Փարիզի ժամանակաշրջան եւ թանգարաններ (Լիբանան եւ Հայաստան): Այդ գործերէն մաս մը հաւաքածոներէ քաղուած է, իսկ մնացեալը` իր անձնական հաւաքածոյէն, ինչպէս նաեւ ցուցադրուած են նոր գործեր:
Գեղանկարներու ընտրութիւնը եղած է դժուար եւ իր ասպարէզի իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի լաւագոյնը ներկայացնելու նախանձախնդրութեամբ:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Յարութիւն Թորոսեանի աշակերտներէն Մարի Թերեզ Զուէյն Թապեթ, որ յայտնեց, թէ արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեան իր գեղանկարներուն նիւթերը կ՛ընտրէ մեծ խնամքով եւ զանոնք կ՛երփնագրէ մեծ վարպետութեամբ:
Ան նշեց, որ Թորոսեան իր ծննդավայր Լիբանանով, երկիր Ֆրանսայով եւ Հայաստան հայրենիքով հարստացած է եւ մագլցած արուեստի բարձունքները:
Թապեթ շեշտեց, որ Յարութիւն Թորոսեան բանաստեղծ գեղանկարիչ է, արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ շքանշաններու:
Խօսելով արուեստագէտին մասին` ան նաեւ ըսաւ, թէ Յ. Թորոսեան մեծերու յատուկ համեստութեան տէր անձնաւորութիւն մըն է` աւելցնելով, որ ան վարպետ մըն է, որմէ պէտք է օրինակ առնել:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 29 փետրուար 2012:





