ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵԼՈՎ ՊԱՏԺԵԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋ ԵՐԹԱԼՈՒ ԳԾՈՎ` «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՀԵՏ ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՅ ՆԱԵՒ ՈՂՋԱԿԻԶՈՒՄԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՍԱՐՔՈԶԻ
By adminx - Thu Feb 02, 7:48 am
Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի դժգոհութիւն արտայայտած է ֆրանսացի ծերակուտականներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը վիճարկելու համար Սահմանադրական խորհուրդ դիմելու քայլին առնչութեամբ:
Սարքոզի խորհրդարանական մեծամասնութեան առջեւ յայտարարած է, որ այս նախաձեռնութիւնը «իրեն արջի ծառայութիւն կը մատուցէ»:
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ նախազգուշացուցած է, որ եթէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը չեղեալ նկատուի, ատկէ ետք Ողջակիզումի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ դիմում պիտի ներկայացուի:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը յղում կատարելով երկու անանուն նախարարներու կը հաղորդէ, որ Սարքոզի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող նոր օրինագիծ պիտի ներկայացնէ, եթէ Ֆրանսայի դատական գերագոյն մարմինը մերժէ Ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրինագիծը:
Նախարարները յայտնած են, որ «նախագահը նախարարներուն հետ նիստի ժամանակ յայտնեց, որ օրէնքի նախագիծ պիտի ներկայացնէ` անմիջապէս այն բանէն ետք, եթէ Սահմանադրական խորհուրդը Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած օրինագիծը հակասահմանադրական ճանչնայ»:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը «Սարքոյի (Սարքոզիի) համար ցնցում մը» խորագիրով իր լրատուութեան մէջ կը յայտնէ, որ 77 ծերակուտականներ եւ 65 երեսփոխաններ Սահմանադրական խորհուրդին դիմում ներկայացուցած են օրինագիծը վիճարկելու համար: Օրաթերթը կը նշէ, որ երեսփոխաններու շարքին էին Սարքոզիի ղեկավարած Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժումի կուսակցութենէն 52 երեսփոխաններ: Օրաթերթը կը նշէ, որ մեծ հաւանականութեամբ Սահմանադրական խորհուրդը օրինագիծը չեղեալ պիտի նկատէ:
Նշենք, որ ըստ «Լը Փարիզիէն» օրաթերթին մէջ երէկ հրապարակուած վերջին հարցախոյզին, նախագահութեան ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտի ժողովրդականութիւնը բաղդատմամբ 14 յունուարի արդիւնքներուն երեք կէտով աւելնալով հասած է 31 առ հարիւրի, Սարքոզիի ժողովրդականութիւնը կէս կէտ նահանջելով հասած է 24.5 առ հարիւրի, իսկ Մարին Լը Փենի ժողովրդականութիւնը մէկ կէտ նահանջելով հասած է 19 առ հարիւրի:





