Sunday May 19, 2013

ԸՍՏ «ՍԻ. ԱՅ. ԷՅ.»-Ի ՏՆՕՐԷՆԻՆ «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ՏԱԳՆԱՊԻ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՕՃԱԽ Է»

By adminx - Thu Feb 02, 7:45 am

Ճէյմս Քլափըր

Ռուսական ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային հետախուզութեան տնօրէն Ճէյմս Քլափըրի զեկուցումին մէջ նշուած է. «Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող անլոյծ տագնապները եւ Կեդրոնական Ասիոյ որոշ պետութիւններու անկայունութիւնը Եւրասիոյ մէջ «տաք կէտերու» յառաջացման առաւել հաւանական պատճառներ են»:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Կովկասի մէջ տագնապի հաւանական օճախ է Լեռնային Ղարաբաղը: «Ռազմաշունչ յայտարարութիւնները, կողմերուն միջեւ անվստահութիւնը եւ շփման գիծին չդադրող բռնութիւնները սխալելու վտանգը կը մեծցնեն, ինչ որ իր կարգին կրնայ պատճառ դառնալ իրավիճակի վատթարացման` գրեթէ առանց նախազգուշացման», կը նշուի 31 յունուարին ներկայացուած զեկուցումին մէջ:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement