Monday May 20, 2013

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

By adminx - Wed Feb 01, 7:37 am

Նախարար Սապունճեան` Սննդամթերքի ճարտարարուեստի սենտիքայի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Սննդամթերքի ճարտարարուեստի սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժորժ Նասրաուիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան նախարարներուն տուած այն որոշումը, որ սննդամթերքի ճարտարարուեստով զբաղող գործարանները պէտք է արձանագրուած ըլլան ե՛ւ ճարտարարուեստի, ե՛ւ երկրագործութեան նախարարութիւններուն մօտ, որպէսզի կարելի ըլլայ առողջ կերպով պահպանել այդ ճարտարարուեստը:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ այս որոշումին նպատակն է բարելաւել սննդամթերքի որակը եւ աւելի եւս բարձրացնել անոր արժէքը` շրջանային եւ միջազգային շուկաներուն մէջ:

Նախարար Սապունճեան կոչ ուղղեց 22 մարտին մասնակցելու Սննդամթերքի ճարտարարուեստի միջազգային օրուան առիթով սենտիքային կազմակերպած ձեռնարկին:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement