Ի՞ՆՉ ԿԸ ԳՐԵՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕՐԱԹԵՐԹԵՐԸ
By adminx - Wed Feb 01, 7:21 am
Թրքական օրաթերթերը իրենց երեքշաբթի օրուան թիւերուն մէջ անդրադարձան Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի` մամլոյ ազատութեան վերաբերող յայտարարութեան, «Թիւրք Թելեքոմ»-ի նկատմամբ Քաթարի իշխանին հետաքրքրութեան եւ Թուրքիոյ տարածքին տեղացած առատ ձիւնին:
«Ենի Շաֆաք» օրաթերթը անդրադարձաւ Կիւլի խօսքերուն եւ հաղորդեց, որ նախագահը յայտնած է, որ Թուրքիա պէտք է մամլոյ եւ մտքի ազատութիւնը պաշտպանէ: «Եթէ մամլոյ եւ մտքի ազատութիւնը արգելակուի, այլ մարզերու մէջ ինչ ալ ընես չ՛երեւիր: Ուստի, բոլորը պէտք է մամլոյ եւ մտքի ազատութեան ուշադրութիւն դարձնեն»:
Թրքական օրաթերթերը անդրադարձան նաեւ Քաթարի իշխան Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի` «Թիւրք Թելեքոմ»-ի բաժնետոմսերուն 55 առ հարիւրը ունեցող լիբանանեան «Օժեր Թելեքոմ»-ը գնելու նախաձեռնութեան: «Միլլիյէթ» կը գրէ, որ իշխանը նաեւ Թուրքիոյ «Տենիզպանք» դրամատունով հետաքրքրուած է:
Գրեթէ բոլոր օրաթերթերը անդրադարձան Թուրքիոյ տարածքին տեղացած առատ ձիւնին եւ ձմեռնային ծանր պայմաններուն: «Զաման» օրաթերթը գրեց, որ Պոլսոյ նահանգի կարգ մը քաղաքներուն մէջ ձիւնը 20 սանթիմեթր բարձրութեամբ է եւ Աղէտի համակարգման կեդրոնը «կարմիր ահազանգ» հնչեցուցած է: Օրաթերթը գրեց, որ կարգ մը թռիչքներ ջնջուած են եւ ծովային երթեւեկը կասեցուած է: «Թիւրքիյէ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ եօթը շրջաններն ալ ձիւնի տակ են եւ ջերմաստիճանը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ -27 է: Օրաթերթը նաեւ կը գրէ, որ երկուշաբթի օր Պոլսոյ մէջ ջերմաստիճանը -8 էր, եւ քաղաքը վերջին 33 տարուան ամէնէն պաղ օրը ապրած է:
Թրքական օրաթերթերը իրենց երկուշաբթի օրուան թիւերուն մէջ կ՛անդրադառնան Համասի` Թուրքիոյ մէջ գրասենեակ բանալու մասին լուրերուն վերաբերեալ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի խօսքերուն, քիւրտ երեսփոխանի մը կողմէ Էվրենի դէմ օրինագիծի մը ներկայացման եւ Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան կողմէ թրքական ինքնաշարժ մը արտադրելու ծրագիրներուն:
Պատասխանելով Համասի կողմէ Անգարայի մէջ ներկայացուցչական գրասենեակ բանալու մասին լուրերուն մասին հարցումներուն` Կիւլ յայտնած է, որ Թուրքիա Համասի հետ երկարատեւ յարաբերութիւններ եւ գործակցութիւն ունի: «Թիւրքիյէ» կը հաղորդէ, որ Կիւլ կիրակի օր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնած է, որ «Համաս քաղաքական կառոյց մըն է, որ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց: Ապագային պիտի տեսնենք, թէ մեր գործակցութիւնը մեզ ո՛ւր պիտի առաջնորդէ»:
Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Սըրրը Սուրէյէ Էօնտեր թրքական խորհրդարանին ներկայացուցած է 1980-ին կառավարութիւնը տապալած խունթայի ղեկավար Քենան Էվրենը նախկին նախագահի իր իրաւունքներէն զրկելու օրինագիծ մը: «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էօնտեր առաջարկած է, որ Էվրեն զրկուի նախագահական թոշակէն եւ պետական փրոթոգոլային կարգերէն դուրս բերուի:
Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան Թուրքիոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Քենան Եաւուզ «Զաման» օրաթերթին յայտնած է, որ տեղական ինքնաշարժ մը արտադրելը մեծ ներուժ կը պահանջէ: «Մարզը կարիքը ունի երկու հիմնական ներդրումի` պողպատի ու երկաթի, ինչպէս նաեւ քարիւղէն արտադրուած քիմիականներու: Եթէ այս երկուքը ունիք, ապա կրնաք ձեր ինքնաշարժը արտադրել», ըսած է Եաւուզ:





