ՊԱԹՈՒՄԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՆ ՔԱՆԴԵԼ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՌՈՒՑՈՒԵԼԻՔ ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԶԿԻԹԸ
By adminx - Wed Feb 01, 7:19 am
Վրացական «Ափսնի.կը» կայքէջը կը հաղորդէ, որ վրացական «Վրաստանին ծառայէ՛» շարժումի ղեկավար Մուրման Տումպածէ` անդրադառնալով օրեր առաջ հաղորդուած այն լուրին, թէ Վրաստանի կառավարութիւնը համաձայն է Պաթումի մէջ մզկիթ կառուցելու համար Թուրքիոյ կառավարութեան տեղ յատկացնելու առաջարկին, յայտարարած է, որ Պաթումի բնակիչները, ինչպէս նաեւ ոեւէ վրացի, համաձայն չեն թրքական մզկիթի կառուցման:
«Մենք դէմ չենք Աճարիոյ կամ Վրաստանի այլ հատուածի մէջ գտնուող որեւէ մզկիթի վերականգնումին, սակայն նոր մզկիթի կառուցման կտրականապէս դէմ ենք: Մենք` Պաթումի բնակիչներս, կը յայտարարենք, որ հազիւ նոր մզկիթ կառուցուի, զայն քարշակներով պիտի քանդենք», նշած է Տումպածէ:
Շաբաթ օր Անգարայի մէջ Վրաստանի մշակոյթի նախարար Նիքա Ռուռուայի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրթուկրուլ Կիւնայ յայտարարած էր, որ իրենք Վրաստանի մէջ մզկիթ կառուցելու հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:
«Թուրքիոյ եւ Վրաստանի միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական սերտ յարաբերութիւններ հաստատուած են, եւ մենք կ՛ուզենք համագործակցութիւնը խորացնել նաեւ զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի մարզին մէջ: Երկու երկիրներուն մէջ ալ մշակութային յուշարձաններ կան, եւ անոնց վերականգնման վերաբերեալ որոշ ժամանակ մենք բանակցութիւններ կը վարէինք եւ այսօր շօշափելի արդիւնքի հասած ենք: Վրացական կողմը պատրաստ է մեզի յատկացնել տեղ մը, ուր նոր մզկիթ պիտի կառուցենք», ըսած էր Կիւնայ եւ աւելցուցած, որ Թուրքիա եւս իր վրայ պարտաւորութիւնը վերցուցած է վրացի մասնագէտներու մասնակցութեամբ եւ հսկողութեան վերականգնելու «Օշքի» վանքն ու Իշխան գիւղի տաճարը:






