Sunday May 19, 2013

«ՌՈՒՍԻԱ» ԹՈՒՐՔ-ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԿԸ ԿԱՆԽԱՏԵՍԷ

By adminx - Wed Feb 01, 7:19 am

Ռուսական «Ռոսիա» պատկերասփիւռի կայանի կիրակնօրեայ «Վեսթի» լրատուական հաղորդումը մանրամասնօրէն անդրադարձած է 23 յունուարին Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրինագիծին եւ վերլուծած իրավիճակն ու թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վրայ անոր հաւանական ազդեցութիւնները:

Լրագրող Ասիա Եմելեանովա տեսանիւթին մէջ այցելած է հայկական համայնքին եւ անդրադարձած հայ-ֆրանսական բարեկամութեան:

«Որքան ալ մօտ ըլլան ընտրութիւնները, Ֆրանսայի մէջ հայերուն նկատմամբ ցուցաբերուած յատուկ վերաբերմունքը պատմական աւանդութիւն է: Հայ առեւտրականներուն յատուկ արտօնութիւններ տուած են, հայկական Կիլիկիոյ Լուսինեան տոհմի վերջին թագաւորին աճիւնը այստեղ` Սան Տընիի թագաւորական դամբարանին մէջ կը հանգչի:

«Ֆրանսական առաջին սրճարանը 17-րդ դարուն բացած են հայերը: Երաժիշտներ, երգիչներ, քաղաքական գործիչներ այսօր Ֆրանսայի հպարտութիւնն են` Շարլ Ազնաւուրը, Միշել Լըկրանը: «Եան» վերջաւորութիւնը պութիքներուն վրայ փակցուած է Փարիզի ճիշդ կեդրոնը», ըսած է լրագրողը:

Իսկ վերջաւորութեան ռուս լրագրողը թուրք-ֆրանսական առեւտրական հաւանական պատերազմի մասին նախատեսութիւններ կատարած է:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement