ՄԷՅ ԽԱԼԻԼ ԵՒ ՀԱՍՍԱՆ ՌԸՍԹՈՄ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄՈՒՆԻՐ ՄՈՒԽԱԼԼԱԼԱԹԻԻ
By adminx - Tue Jan 31, 8:03 am
Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլ եւ հանգստեան կոչուած զօր. Հասսան Ռըսթոմի (յանձնախումբի փոխնախագահ), յատուկ այցելութիւն մը տուին Պէյրութի Հրշէջներու եւ պահակներու նախագահ գնդ. Մունիր Մուխալլալաթիի` անոր կեդրոնատեղիին մէջ:
Երկուստեք փոխանակուեցաւ հասկացողութեան ըմբռնում, ինչ կը վերաբերի բոլորին տարած աշխատանքներուն:
Երկու կողմերն ալ խոստացան յառաջիկայ տարիներուն եւս միշտ իրարու գործակցութեան ձեռք երկարել` հասնելու համար յաւելեալ յաջողութիւններու:





