ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ՂԵԿԱՎԱՐԸ
By adminx - Tue Jan 31, 7:58 am
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի նոր նշանակուած ղեկավար Անտրէյ Սորոքինը:
Ողջունելով հիւրը` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շնորհաւորեց զայն այդ պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ դեսպան Սորոքինի գլխաւորութեամբ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակը շարունակէ իր ծրագիրներուն իրականացումը:
Դեսպան Սորոքին նշեց, որ ԵԱՀԿ-Հայաստան յարաբերութիւնները միշտ աչքի ինկած են բազմաբովանդակութեամբ եւ կը ներառեն Հայաստանի աշխուժ ներգրաւուածութիւնը ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան բոլոր երեք ուղղութիւններով:
Նախարար Նալբանդեան գոհունակութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի տասնամեայ արդիւնաւէտ գործունէութեան առիթով եւ վստահեցուց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի շարունակէ ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերել գրասենեակի աշխատանքներուն:






