ԹՈՒՐՔԻՈՅ 75 ՄԻԼԻՈՆԻ ՀԱՍԱԾ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԻՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԿԷՍԸ 30 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՓՈՔՐ ԵՆ
By adminx - Mon Jan 30, 7:28 am
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Վիճակագրական ծառայութիւնը յայտարարած է Թուրքիոյ բնակչութեան թիւը: Հասցէներէ քաղուած տեղեկութիւններու հիման վրայ յայտարարուած է, որ Թուրքիոյ բնակչութեան թիւը վերջին մէկ տարուան ընթացքին աւելցած է մէկ միլիոնով եւ հասած 74 միլիոն 724 հազարի, իսկ բնակիչներու այս թիւին կէսէն աւելին 30 տարեկանէն վար տարիք ունի:
Ուշագրաւ պարագայ մըն ալ այն է, թէ այրերու եւ կիներու թիւը իրարու հաւասար են: Բնակչութեան մէջ այրերու թիւին համեմատութիւնը 50.2 առ հարիւր է, իսկ կիներուն համեմատութիւնը` 49.8 առ հարիւր: Թուրքիոյ բնակչութեան 18 առ հարիւրը (13.5 միլիոն) կ՛ապրի Պոլսոյ մէջ, որուն կը յաջորդեն Անգարան, Իզմիրը, Պուրսան եւ Ատանան: Թուրքիոյ նուազագոյն բնակիչ ունեցող քաղաքը Բաբերդն է:
15-64 տարիքներու միջեւ աշխատունակ տարրերու թիւը հասած է 50 միլիոն 346 հազար 979 հոգիի եւ կը կազմէ բնակչութեան 67.4 առ հարիւրը:





