Thursday May 23, 2013

ԽՕՍԵԼՈՎ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՄԱՍԻՆ` «ՄԵՐ ՈՒԺԵՂ ԿՈՂՄԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԱԶԱՏ ԽՕՍՔԸ ՉՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆԵԼՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

By adminx - Sat Jan 28, 7:51 am

Հիլըրի Քլինթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ ոչ պաշտօնական հանդիպումի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է նաեւ Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման:

«Մեր ուժեղ կողմերէն մէկը այն է, որ մենք ազատ խօսքը չենք քրէականացներ: Մարդիկ կրնան ըսել գրեթէ ամէն բան, ինչ որ ուզեն. մեր երկրին մէջ այդպէս է: Իսկ միւս երկիրները, որոնց շարքին նաեւ մեր բարեկամ եւ դաշնակից երկիր Ֆրանսան, այլ չափանիշեր, այլ պատմութիւն ունին: Սակայն մենք, յոյսով եմ, երբեք ազատ խօսքը քրէականացնելու ուղիով պիտի չերթանք», յայտարարած է Քլինթըն:

Պատասխանելով հանդիպումին մասնակիցներէն մէկուն այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ ինչո՞ւ չեն ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը, Քլինթըն յայտնած է, որ «Ցեղասպանութիւնը պատմական հարց է եւ ոչ թէ քաղաքական»:

«Կը կարծեմ, որ արդար պիտի ըլլայ ըսել, որ ես եւս այդպէս կը կարծեմ, որ ատիկա պատմական քննարկումներու եւ եզրայանգումներու ենթակայ հարց է եւ ոչ թէ քաղաքական: Կը կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ճիշդ դիրքորոշում որդեգրած է այդ հարցին մէջ, որովհետեւ որքան սոսկալի եւ յուզումնալից պիտի ըլլայ կատարուածը, միեւնոյնն է, պատմական հարցերը լուծելու համար պետական իշխանութեան օգտագործումը, կը կարծեմ` կը բանայ դուռ մը, որ անցնելու համար շատ վտանգաւոր է», ընդգծած է Քլինթըն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ անհրաժեշտ է, որ մարդիկ իրենց անձնական կարծիքը ունենան, եզրակացութիւններ ընեն, եւ անոնք պէտք է յարգուին: «Մենք պէտք է բոլորը խրախուսենք` պատմական որեւէ բանավէճի ինչ կողմի մէջ ալ գտնուին անոնք, որպէսզի կարենան իրենց գաղափարները ազատ կերպով արտայայտել», ըսած է ան:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին թիւ 106-րդ բանաձեւը:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement