ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
By adminx - Sat Jan 28, 7:34 am
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարին օգնականը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները կրելէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւնները վերսկսելու առումով նաեւ լուրջ մտավախութիւններ կան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ «Նաշրա» կայքէջին յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ ոմանք չեն փափաքիր, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը յաջողութիւններ արձանագրէ: Անդրադառնալով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն` Ասուատ նշեց, որ այդ ուժերը ձախողած են քաղաքական եւ բարոյական առումով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ պատրաստ է եւ կը փափաքի Հըզպալլայի հետ ուղղակի երկխօսութեան սկսիլ: Նոյն աղբիւրը կը շեշտէ, որ Ժեմայէլի համար Լիբանանը եւ անոր կայունութիւնը պէտք է հեռու պահել Սուրիոյ տագնապին հակազդեցութիւններէն:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար Լիբանանի մէջ ոչ մէկ նոր ամբաստանութեան մասին խօսած է, նախքան իր պաշտօնը լքելը:





